Նախանցեալ օր Հայաստանի իշխանութիւնները, շարունակելով երկար ժամանակէ ի վեր դաշնակցական գործիչներու եւ երիտասարդներու երկիր մուտքը արգիլելու իրենց անընդունելի եւ դատապարտելի գործելաձեւը, այս անգամ Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն զրկեցին դաշնակցական երիտասարդ Արենի Մարկոսեանը: Այս առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Աւելի քան 24 ժամ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ պահելէ ետք ՀԵԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկերուհի Արենի Մարկոսեանը, Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ ան Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն կը զրկուի եւ Հայաստանի մէջ անցանկալի անձ կը հռչակուի, առանց որեւէ հիմնաւոր բացատրութիւն տրամադրելու:

Այս նենգ գործելաոճը, որ կը կիրարկուի Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ, անոր հակահայ դիրքաւորման արտացոլումներէն է եւ կը նպատակադրէ կարելի բոլոր միջոցներով եւ տարբեր մակարդակներու վրայ փորձել կասեցնել եւ խոչընդոտել ՀՅԴ երիտասարդական համաշխարհային կառոյցի աշխատանքները:

ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամներուն կապը հայրենիքի հետ մշտական է եւ անքակտելի: Ընկերուհի Արենին պիտի ժամանէր Հայաստան այցելութեան համար: Ան անցանկալի տարր կը նկատուի` սփիւռքի մէջ իր տարած ազգանուէր գործին համար եւ դաշնակցական Երիտասարդականի գործօն անդամ ըլլալուն պատճառով:

Միեւնոյն ժամանակ Երեւանի մէջ կ’իրականացուի սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կազմակերպութեամբ «Ազգային երիտասարդական համաժողովը», եւ անդին ազգային գործի լծուած երիտասարդուհի մը կը զրկուի հայրենիք մուտք գործելու իրաւունքէն: Այս հակասութիւնները պարզ կը դարձնեն ներկայ իշխանաւորներու ազգայինի հետ աղերս չունենալու հանգամանքը եւ անոնց օրակարգի շարժիչ ուժը, որ ամբողջովին թշնամիի շահերն են:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ կ’արգիլուէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի, ՀՅԴ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի, ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի, ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեանի եւ ՀՅԴ Հոլանտայի կառոյցի անդամ Ասլան Ասլանեանի մուտքը Հայաստան` կրկին առանց ոեւէ բացատրութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հալածանքները, բռնաճնշումները եւ ապօրինի գործողութիւնները յստակ ապացոյցներ են անոնց անճարակութեան եւ վախկոտութեան: Այս ստորին գործելաոճը իբրեւ պատասխան իր դէմ պիտի գտնէ դաշնակցական երիտասարդութեան արմատաւորուած համոզումները, առաւել ամրացումն ու հայ երիտասարդութեան արդար ընդվզումի ալիքներ եւ համախմբուածութիւն ազգային օրակարգին շուրջ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը անշեղօրէն կը մնայ իր յանձնառութեան եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ, հակառակ այս մեղապարտ վարչակազմի բոլո՛ր անարգ փորձերուն:

Հայրենիքը մեզմէ անջատելու բոլո՛ր փորձերը պիտի ձախողին եւ պիտի բախին դաշնակցական երիտասարդական համահայկական ցանցի բուռն դիմադրութեան»: