Հինգշաբթի, 3 Օգոստոս 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելեց Ազգ. Միացեալ Վարժարան, ուր մօտէն հետեւեցաւ ընթացք առած վերանորոգութեան աշխատանքներուն։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։
Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Ազգ. Վարչութեան անդամ երկրչփ. Յարութ Աւընեանի, շինարարական աշխատանքներու Թեմի լիազօր երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեանի եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ Արա Աբոշեանի կողմէ։ Երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեան մինչեւ օրս ի գործ դրուած վերանորոգութեան աշխատանքներուն մասին զեկուցեց Սրբազան Հօր։

Մակար Սրբազան շրջագայելով վարժարանի զանազան բաժիններէն ներս, մօտէն ծանօթացաւ այնտեղ տարուող վերանորոգութեան աշխատանքներուն, որոնք ընթացք առին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (MECC) համագործակցութեամբ, Հոլանտական Եկեղեցիներու Խորհուրդին (KIA) նիւթական ներդրումով եւ Ազգ. Առաջնորդարանի օժանդակութեամբ։

Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ գնահատեց շինարարական աշխատանքներուն հսկող պատասխանատուներուն եւ աշխատող անձնակազմին հետեւողական եւ արագընթաց աշխատանքը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց վերամուտին ամբողջութեամբ նորոգուած կառոյցէն ներս աշակերտները ընդունելու կապակցութեամբ։