Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին, 19 Յունիսէն 19 Յուլիսի տեւողութեան տեղի ունեցաւ «Ամառնային Դպրոց»-ը Ազգ. Միացեալ վարժարանէն ներս ( Կիւլպէնկեան)։ 
Սոյն ծրագիրին պատասխանատուն էր տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան, գործակցաբար Ուսումնական Խորհուրդին եւ տասնվեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու: Ծրագիրին հետեւեցան հարիւր աշակերտ-աշակերտուհիներ՝ մանկապարտէզէն եւ նախակրթարանէն։
«Ամառնային Դպրոց»-ին նպատակն էր համախմբել աշակերտները, զարգացնել անոնց մտաւոր կարողութիւնները եւ հեռու պահել զանոնք այլասերիչ ու օտար միջավայրերու ազդեցութիւններէն։
Հինգ շաբթուան ընթացքին, շաբաթական հինգ օրուան դրութեամբ՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9։00-էն 12։15 աշակերտներն ու աշակերտուհիները վայելեցին ուրախ, խանդավառ եւ հաճելի մթնոլորտ մը։
Ծրագիրը կ’ընդգրկէր աշակերտներուն լեզուական եւ մտային հմտութիւնները զարգացնող ժամանակակից նիւթեր, արտադպրոցական գործունէութիւն, հաճելի պտոյտներ եւ այցելութիւններ։
Ծրագիրի իրագործման ընթացքին մասնագէտ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու կողմէ աշակերտներուն հրամցուեցան օգտաշատ զանազան գիտելիքներ: Անոնք սորվեցան հայերէնի քերականական օրէնքներ, բարելաւեցին իրենց անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուն, ինչպէս նաեւ մտային հաշիւի կարողութիւնները, սորվեցան աղօթքներ ու սաղմոսներ, ծանօթացան եկեղեցւոյ ներքնամասին, սպասներուն եւ եկեղեցական զգեստներուն, այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան արարողութիւններուն ու շարականներու երգեցողութեան, նաեւ ծանօթացան Միւռոնախառն օրհնուած ջուրի բուժարար յատկութիւններուն։ 
Աշակերտները ունեցան նաեւ համակարգչային գիտութեան պահեր՝ իւրացնելու այս մարզին առնչուող ծով գիտելիքներէն մաս մը, ծանօթացան մեր ոսկեղնիկին եւ հարուստ Հայոց պատմութեան, պատրաստեցին ձեռայիններ յատկապէս հայրերու տօնին առիթով, նկատի ունենալով , որ հայրը հայ ընտանիքին ու ազգին յաւերժութեան լուսաւոր պսակն է եւ անմեղունակ արտայայտութիւններով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայրերուն, ինչպէս նաեւ գծեցին, ներկեցին, խմորներով կերպարներ շինեցին, հայրենասիրական երգեր սորվեցան, պարեցին, ունեցան մարզանքի պահեր ունենալու՝ առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ։
Դասի, գեղարուեստի եւ մարզանքի մթնոլորտէն դուրս, իւրաքանչիւր շաբթուան Ուրբաթ օրերը տրամադրուեցան արտադասարանային զանազան պտոյտներու, ինչպէս՝ Տէր Սանթ, Cheeky Monkeys Kids Club, Kids House Club։ Իսկ ՀՄԸՄ պարտէզէն ներս «Salt» հաստատութենէն անդամներ ներկայացան եւ  5-րդ եւ 6-րդ կարգերու աշակերտներուն հետաքրքրական գիտելիքներ փոխանցեցին դաստիարակչական եւ հոգեբանական նիւթերու շուրջ, ապա բոլոր աշակերտները ջրառատ փուչիկներով ու դոյլերով վայելեցին Վարդավառի աւանդական տօնին բերկրանքը:
Աւարտին բոլորին աշխատանքային թղթածրարները յանձնուեցան եւ «Ամառնային Դպրոց»-ը փակեց իր դռները։
Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2023-ի առաւօտեան, Ուսումնական Խորհուրդին հրաւէրով եւ անդամներուն ու տնօրէնուհիին ներկայութեամբ, «Ամառնային Դպրոց»-ի ծրագիրին բոլոր մասնակիցները համախմբուեցան «Գ. Եսայեան» սրահի լոպին, ուր Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի Անի Գալտնեան բարձր գնահատեց բոլորին տարած աշխատանքը, մաղթելով՝ ուժ, կորով եւ ապահով օրեր: Ան յորդորեց  զարկ տալ նմանօրինակ ձեռնարկներու՝ հարստացնելու աշակերտներուն արձակուրդի օրերը: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Կը մաղթենք, որ յառաջիկայ տարին կրկին վայելենք մեր աշակերտներուն ուրախ ներկայութիւնը:
Բարի արձակուրդ բոլորին։
Ուսուցչուհիներ՝
Սեւան Տէյիրմէնճեան 
Ալին Գազանճեան-Տէկիրմէնճեան