ԻՆՉՊԷ՞Ս ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ՄԱՆՈՒԿԸ ԴՊՐՈՑԻ

Ամառնային արձակուրդը կը մօտենայ իր աւարտին:  Հետեւաբար ծնողներ կրնան նախապատրաստել իրենց զաւակները, յատկապէս՝ մանուկները, դպրոց յաճախելու, որպէսզի խուսափին դժուար կացութիւններէ, յատկապէս՝ վերամուտի առաջին օրերուն:
1. Մանկապարտէզ կամ այլ նախադպրոցական հաստատութիւն յաճախելը
Տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցած հետազօտութիւններ շատ յաճախ կը յայտնեն, որ մանկապարտէզ յաճախող մանուկներուն համար դպրոցական կեանք սկսիլը աւելի դիւրին կ’ըլլայ:
Մանկապարտէզ յաճախելով՝ մանուկը կը սորվի յարմարիլ նոր միջավայրին, իր տարեկիցներուն հետ շփումներով ձեռք կը բերէ ընկերային հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ կը սորվի ծնողքէն բաժնուիլ: Եթէ ձեր մանուկը կարգ մը պատճառներով մանկապարտէզ չէ յաճախած, լաւ կ’ըլլայ, որ գոնէ ամառնային դպրոցի մը, խումբի մը մաս կազմէ նախքան վերամուտը, որպէսզի առնուազն 1-2 ժամով բաժնուի ծնողքէն: Այդ ընթացքին ծնողքը պէտք չէ սպասէ տուեալ հաստատութեան մէջ մինչեւ իր զաւկին վերադարձի ժամը, այլ նախընտրելի է վերադառնայ իր առօրեայ աշխատանքին: Երբեմն ծնողքին համար ալ հոգեբանօրէն դժուար կ’ըլլայ մանուկը նոր եւ օտար միջավայրի մէջ մինակ թողուլը, սակայն որքան շուտ վարժուիք այդ կացութեան՝ այնքան լաւ:
2. Ծանօթութիւն դպրոցին եւ դպրոցական կեանքին
Մինչեւ վերամուտ ձեր մանուկին հետ այցելեցէ՛ք այն դպրոցը, ուր ան պէտք է յաճախէ: Ցոյց տուէ՛ք անոր իր ապագայ դպրոցին շէնքը, դասարանը, զբօսանքի վայրը, խաղավայրը եւ այլն: Պատմեցէ՛ք անոր դպրոցական կեանքի մանրամասնութիւնները այդտեղ իսկ, կամ այլ առիթներով՝ տան մէջ: Եթէ դուք ուրիշ դպրոց մը յաճախած էք, տարէ՛ք ձեր զաւակը նաեւ հոն (փափաքելի է  2 ծնողներու դպրոցներն ալ այցելել, երկուքին ներկայութեամբ) ծանօթացուցէ՛ք զինք ձեր ուսուցիչներուն: Պատմեցէ՛ք ձեր դպրոցական կեանքին մասին:
3. Դպրոցը՝ որպէս երջանկութեան աղբիւր
Մեր հասարակութեան մէջ ամրացած եւ կարծրացած մօտեցում մը կայ, որուն համաձայն, դպրոցը միայն գիտելիք ստանալու տեղ է: Թէ՛ ծնողներէն, թէ՛ ուսուցիչներէն շատեր շեշտը կը դնեն գիտելիքին վրայ: Սակայն ոչ պակաս, թերեւս նոյնքան ու աւելի կարեւոր են ոչ թէ դպրոցին ջամբած գիտելիքները, այլ այն յարաբերութիւնները, զորս մանուկը կը ձեւաւորէ դպրոցական տարիքին: Դպրոցը միջավայր մըն է, ուր կը ձեւաւորուի ձեր մանուկին յուզական աշխարհը: Խօսեցէ՛ք անոր հետ, թէ ինչքան լաւ կ’ըլլայ, երբ ան դպրոց մեկնի, քանի որ նոր ընկերներ կ’ունենայ: Խօսեցէ՛ք անոր հետ յոյզերու եւ զգացումներու մասին: Պատմեցէ՛ք, թէ դուք ինչ կը զգայիք, երբ առաջին անգամ դպրոց գացիք: Նախապատրաստեցէ՛ք մանուկը այն ապրումներուն, զորս կրնայ ունենալ՝ շեշտը դնելով հիմնականաբար դրականներուն վրայ՝ յուզմունք, ուրախութիւն, հիացմունք, ոգեւորութիւն եւ այլն: Սակայն յուշեցէ՛ք նաեւ, որ մանուկը կրնայ ունենալ նաեւ վախի, անորոշութեան կամ այլ բացասական զգացումներ, եւ որ այդ բոլորը բնական են, եւ այդ պահուն պէտք է հանդարտ մնալ եւ կեդրոնանալ ուրիշ բաներու վրայ: Ձեր զաւակը համոզեցէ՛ք, որ դպրոցը ոչ թէ միայն նոր բաներ սորվելու տեղ է, այլեւ նոր ընկերներու, նոր ուսուցիչներու հետ ծանօթանալու վայր: Դրական ընկերային յարաբերութիւնները շատ դէպքերու պարագային աւելի նպաստաւոր ազդեցութիւն կ’ունենան մարդու հետագայ կեանքին վրայ, քան ձեռքբերուած գիտելիքները:
4. Գիրքեր կարդալ՝ ոչ թէ միայն մանուկներուն համար
Մանուկին սորվեցնելու ամենալաւ միջոցը անոր օրինակ հանդիսանալն է: Ձեր զաւկին մէջ ընթերցանութեան նկատմամբ սէր արթնցնելու միջոցը գիրք կարդալն է: Օրուան մէջ մէկ ժամ գիրք կարդալու յատկացուցէ՛ք:  Երբ դուք կը կարդաք ձեր զաւկին համար, ընթերցանութիւնը դադրեցուցէ՛ք ամենահետաքրքրական տեղը եւ շարունակութիւնը ձգեցէ՛ք յաջորդ օրուան, որպէսզի հետաքրքրութիւն ունենայ յաջորդ օրն ալ ունկընդրելու: Կարեւոր է նաեւ, որ մանուկը իր ընտանիքի անդամներուն գիրք կարդալը տեսնէ պարբերաբար: Հետեւաբար անհրաժեշտ է սովորութիւն մշակել եւ անոր ներկայութեան զբաղիլ ընթերցանութեամբ: