Աւանդութեան համաձայն, Ս.
Աստուածածինի Վերափոխման տօնին
առիթով, Երկուշաբթի, 14 Օգոստոս 2023-ի
առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ՝
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ
Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի,
Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան
մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ
մատուցուեցաւ եւ մատաղօրհնէք
կատարուեցաւ, հոծ ուխտաւորներու
ներկայութեամբ։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Ազգ.
Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ.
Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։
Էսկիւրանի կանաչազարդ բնութեան մէջ
դպրաց դասը հոգեպարար կերպով Ս.
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց
եւ Ս. Աստուածածինի վերափոխման
տօնին նուիրուած շարականներ երգեց։

Պատարագէն ետք, Աստուածամօր
պատկերը թափօրով մատուռէն դուրս
բերուեցաւ եւ Սօսիի ծառին ներքեւ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ
աւանդական մատաղօրհնէք
կատարուեցաւ, մասնակցութեամբ՝
Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ.
Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի։ Հիւրաբար
ներկայ էր նաեւ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ
շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա.
Քհնյ. Քէօշկէրեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր
հայրական յորդորները փոխանցելով
շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները Ս.
Աստուածածինի վերափոխման տօնին
առիթով։ Ան գնահատեց Քեսապի
թաղական խորհուրդը, սարկաւագները,
դպրաց դասը եւ յատկապէս Քեսապի
հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ.
Քիւրիւմեանը, որուն գլխաւորութեամբ
վերափոխման տօնին առնչուող
տօնակատարութիւնները յաջողութեամբ
պսակուեցան։
Սրբազան Հայրը աղօթեց Հայաստանի,
Արցախի, Սուրիոյ եւ Սփիւռքի մեր
ժողովուրդի զաւակներուն համար,
մաղթելով, որ Աստուածամօր
բարեխօսութեամբ արդարութեան,
խաղաղութեան եւ սիրոյ ծիածանը ծածկէ
մեր տիեզերքը։
Աւարտին, օրհնուած մատաղը
բարեմաղթութիւններու փոխանակումով
բաշխուեցաւ ուխտաւորներուն։

Յիշենք, որ նախորդ օրը երեկոյեան,
Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ
այցելեց մատաղի պատրաստութեան
վայրը եւ աղօթելով՝ կրակը վառեց եւ
ընթացք տուաւ մատաղի
պատրաստութեան աշխատանքին։
Մինչեւ լոյս առաւօտ քեսապցիներ
հսկելով մատաղի պատրաստութեան,
Էսկիւրանի մէջ տօնական ցնծութեամբ,
երգով ու պարեղանակներով
յիշատակեցին վերափոխման տօնը։