Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ի առաւօտուն, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը Բնաբան ընտրելով «Ընկալ Տէր զաղաչանս մեր բարեխօսութեամբ Ս. Աստուածածնի»-ն։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ.
«Բոլոր մեր աղօթքներուն եւ շարականներուն մէջ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը կը խնդրենք, որպէսզի մեզի համար բարեխօսէ Աստուծոյ մօտ եւ մենք մօտենանք Աստուծոյ սրբութեան։
Այսօր Աստուածամօր անմահութեան եւ յաւիտենականութեան տօնն է։ Այս տօնը կու գայ ըսելու մեզի, որ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք եւ պէտք է մեր պատկանելիութիւնը ցոյց տանք Աստուծոյ։
Ինչպէս բոլորս ժառանգութիւն մը առած ենք մեր ծնողներէն եւ ամէն ջանք կը թափենք զայն պահելու , նոյնպէս պահենք Աստուծոյ տուած ժառանգութիւնը մեզի, հնազանդինք Ս. Աստուածածնին, հնազանդինք Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ արժանի ժառանգորդները դառնանք Աստուծոյ»։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական Խաղողի օրհնութիւնը։
Այնուհետեւ հաւատացեալ ժողովուրդը միասնական կատարումով երգեց Կիլիկիոյ օրհներգը եւ հայրապետական մաղթանքը։

Յայտնենք, որ տօնի նախօրեակին եկեղեցասիրաց տիկինները պատրաստած էին խաղողները, որոնք օրհնուելէ ետք բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։

Վանա Կիրակոսեան