ԱՄՆ-ն կողմերուն, այդ կարգին՝ Պաքուի պաշտօնեաներուն և ԼՂ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն, ուղիղ բանակցութիւններու կոչ ուղղեց, յայտնելով որ ԱՄՆ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակով։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչը։

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Լաչինի միջանցքին փակուած ըլլալով։ Կարևորագոյն ապրանքներու մատակարարումը ընդհատուած է, ծանրացած է մարդասիրական վիճակը։ Պարէնի, դեղորայքի, մանկական կերի և կենսուժի հասանելիութիւնը պէտք չէ խափանուի։ Մարդիկ պէտք չէ նման վիճակի մէջ մնան։ Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՚ուղղենք վերականգնելու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը։ Առևտրային, մարդասիրական և անձնական փոխադրամիջոցները պէտք է կարենան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան։ Մենք նաև ի գիտութիւն կ՚ընդունինք այն, որ կարելի է փոխզիջումներու դիմել այլ լրացուցիչ ճամբաներու հարցով մարդասիրական մատակարարումներու համար», յայտնած է ԱՄՆ ներկայացուցիչը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի (ԱԽ) նիստին։

Անոր համաձայն, ԱՄՆ իրազեկ է, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերէն ի վեր Միջազգային Կարմիր Խաչ Կազմակերպութիւնը օգնած է, որպէսզի դեղորայք մատակարարուի, բժշկական նպատակով աւելի քան 700 անձ տեղափոխուի՝ շնորհիւ կենսական այս ճամբուն։

«Բժշկական տեսանկիւնէ խոցելի անձինք Լաչինի միջանցքով կը տեղափոխուին։ Չէզոք, անկողմնակալ, մարդկային և անկախ մարդասիրական հասանելիութիւնը և աջակցութիւնը, այդ կարգին՝ բժշակական տեղափոխութիւնները, պէտք չէ խոչընդոտուին», ընդգծած է ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի ԱՄՆ ներկայացուցիչը։

Նա նաև շեշտած է, որ անհրաժեշտ է, որ կողմերու բանակցութիւնները միտուած ըլլան այս հակամարտութեան տեւական, խաղաղ լուծման։ Անոր խօսքով՝ պէտք է Հայաստանի և Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները բնականոնացնել։

«Խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է, որ բոլոր կողմերը ըլլան ճկուն, դիմեն փոխզիջումներու և ստեղծագործաբար մտածեն։

Խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ ժողովուրդի իրաւունքներու և անվտանգութեան պաշտպանութիւնը։ ԱՄՆ-ն կոչ կ՚ուղղէ զսպուածութիւն ցուցաբերելու և անմիջապէս դադրեցնելու բոլոր քայլերը, որոնք կը վտանգեն խաղաղութեան գործընթացը։ Բոլոր կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք լիովին յարգելու իրենց պարտաւորութիւնները միջազգային մարդասիրական իրաւունքին ներքեւ։ Միջազգային համայնքը պէտք է շարունակէ դիւանագիտական մասնակցութիւնը՝ խթանելով երկխօսութիւնը և տևական արժանապատիւ խաղաղութիւնը։ Բանակցութիւնները կենսական դեր ունին մնայուն խաղաղութեան հասնելու համար։ Մենք կ՚աջակցինք իւրաքանչիւր ձևաչափի, որ թոյլ կու տայ Հայաստանին և Ատրպէյճանին շարունակել երկխօսութիւնը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար։

Կողմերուն ուղիղ բանակցութիւններու կոչ կ՚ուղղենք, այդ կարգին ուղիղ բանակցութիւններու կոչ կ՚ուղղենք նաև Պաքուի պաշտօնեաներուն և Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ։

ԱՄՆ-ն պատրաստ է աջակցելու խաղաղ, ժողովրդավարական և բարեկեցիկ ապագայի իրագործմամ Հարաւային Կովկասի համար։ Եւ մենք կը շարունակենք երկկողմ և բազմակողմ աշխատանքը բոլոր գործընկերներուն հետ», իր խօսքը եզրափակած է ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի ԱՄՆ ներկայացուցիչը։