Եւրոմիութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի բաւական լուրջ մարդասիրական ճգնաժամին, որ տեղի կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմանբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի հարցով քննարկման ժամանակ յայտարարեց ՄԱԿ-ի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան գործերու յանձնակատարը:

«Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը խոչընդոտուած է աւելի քան ութ ամիսէ ի վեր՝ հակառակ զայն բանալու՝ Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի որոշումին: 15 Յունիսէն ի վեր Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի խաթարումը դարձած է համապարփակ՝ բացառութեամբ բժշկական նպատակներով մարդկանց տարհանումներուն: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը անհրաժեշտ պարագաներու ծայրայեղ պակաս ունի, ինչ որ քաղաքացիական բնակչութեան համար լուրջ հետևանքներու կրնայ յանգեցնել: Միջազգային Կարմիր Խաչ Կազմակերպութեան ջանքերը տարածաշրջանին մէջ մեծ ազդեցութիւն կը թողուն, ուստի անհրաժեշտ է ապահովել այդ կազմակերպութեան լիարժէք գործունէութիւնը մարդասիրական մատակարարումներու և բժշկական տարհանումներու համար», ըսաւ ՄԱԿ-ի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան գործերու յանձնակատարը:

Անոր համաձայն, մարդասիրական ապրանքի առաքումը պէտք չէ քաղաքականացուի որևէ նպատակով: Անմիջապէս պէտք է վերականգնի տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով՝ եռակողմ համաձայնագրի և Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի որոշման համաձայն, քանի որ կողմերը պարտաւորութիւն կը կրեն ապահովելու Լաչինի միջանցքով անվտանգ տեղաշարժը՝ կանխելով ճգնաժամի հետագայ վատթարացումը:

«Անհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անյապաղ քայլերու ձեռնարկեն՝ ապահովելով քաղաքացիներուն ապրանքներու մատակարարումը Աղտամով։ Բայցևայնպէս, ատիկա պէտք չէ դիտարկուի որպէս տարբերակ՝ չբանալու Լաչինի միջանցքը: Առաջին հերթին, պնդումները պէտք է ուղղուած ըլլան բնակչութեան անվտանգութեան և ապրանքներով ապահովելուն, պէտք է խրախուսուի տեղւոյն հայ բնակչութեան ու Պաքուի միջև երկխօսութիւնը: Ատիկա անհրաժեշտ է կողմերուն միջև վստահութեան ձեւաւորման համար», նշեց ՄԱԿ-ի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան գործերու յանձնակատարը:

Ան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ անցեալ ամիսներուն ընթացքին, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջև սահմանի երկայնքով ամէնօրեայ կրակոցներ տեղի ունեցած են: ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութիւնը պարեկութիւն կ՚իրականացնէ Ատրպէյճանի և Հայաստանի սահմանին, դիտարկումներ կը կատարէ և հաղորդումներ կ՚ուղարկէ իրավիճակին վերաբերեալ: Առաքելութեան նպատակն է նպաստել հակամարտութեան լուծման և վստահութիւն ձևաւորել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջև:

«Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՚ուղղենք խուսափելու հետագայ դէպքերէն ու վերադառնալու երկխօսութեան: ԵՄ-ն, մասնաւորապէս Եւրոխորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը, աշխուժօրէն ներգրաւուած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջև յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ՝ 2021 թուականէն ի վեր: Շառլ Միշէլի հիւրընկալութեամբ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիևի և Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հանդիպման շրջագիծին մէջ երկու երկիրներու առաջնորդները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը խաղաղութեան գործընթացին՝ յարգելով միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը 1992 թուականի Ալմաաթայի հռչակագրին հիման վրայ, ինչ որ նաև նախապայման է սահմանազատման գործընթացին համար», յայտնեց ՄԱԿ-ի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան գործերու յանձնակատարը:

Ան կոչ ուղղեց դադրեցնելու կոշտ հռետորաբանութիւնը, ինչ որ կրնայ խաղաղութեան և յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու հիմք հանդիսանալ։ Պնդեց, որ երկխօսութիւնը բարեխղճութեան հիմքով կը շարունակէ արդիական պահանջ մնալ:

ԵՄ յանձնակատարին կարծիքով, անհրաժեշտ է յանձնառու ըլլալ բանակցութիւններու արդիւնքներուն և ձգտիլ փոխադարձ վստահութեան ձևաւորման:

«Ցաւօք սրտի, Լեռնային Ղարաբաղի վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը կը վնասէ խաղաղութեան գործընթացին: Խնդիրները պէտք է լուծուին, անյապաղ ձեռնարկուին յստակ քայլեր՝ վստահութեան մթնոլորտի ձևաւորման նպատակով», յայտնեց ան։

Յանձնակատարին հաւաստիացումով, ԵՄ-ը կը շարունակէ լիարժէքօրէն յանձնառու ըլլալ երկու կողմերուն միջև երկխօսութիւնը դիւրացնելու և տեւական խաղաղութիւն ապահովելու հարցով՝ ի շահ և ի նպաստ տարածաշրջանի ողջ բնակչութեան: