ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ Մալթայի ներկայացուցիչը երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով արտակարգ նիստին ընթացքին յայտնեց.«Անհրաժեշտ է ապահովել անխոչընդոտ մարդասիրական մատակարարումներ: Անհրաժեշտ է ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի համար տեղաշարժի ազատութիւնը` 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու եւ միջազգային մարդասիրական արժէչափերու համապատասխան: Կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին չառաջարկել Աղտամի ճամբան, որովհետեւ անիկա պէտք չէ դիտարկուի իբրեւ Լաչինի միջանցքի այլընտրանք:

«Մահերէն կարելի է խուսափիլ: Բոլորը` յատկապէս հասարակութեան խոցելի խումբերը, պէտք է պաշտպանուին: Ներքին տեղահանուածները եւ գաղթականները պաշտպանուած չեն խտրականութենէն: Մարդասիրական օգնութիւնը պէտք չէ քաղաքականացուի: Պէտք է ապահովուի Միջազգային Կարմիր Խաչի կոմիտէի եւ տեղական կազմակերպութիւններու աշխատանքի վերականգնումը: Անկախ այս բոլորէն, պէտք է ապահովուի առողջապահական եւ ընկերային պարագաներու տրամադրումը», ըսաւ ան:

Մալթայի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է շարունակական ըլլայ` Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման նպատակով: