Ֆրանսան կը դատապարտէ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ղրկուած մարդասիրական բեռի արգելափակումը, ինչպէս նաև Միջազգային Կարմիր Խաչի կոմիտէի գործունէութեան խոչընդոտումը Ատդպէյճանի կողմէ, ինչ որ կը հակասէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն։ «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարեց Ֆրանսայի ներկայացուցիչը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, ուր կը քննարկուէր Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի արգելափակման հետևանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը։

Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Նաթալի Պրոտհերսթ կոչ ուղղեց անմիջապէս վերականգնելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը, միջազգային կազմակերպութիւններուն արտօնելու այդ տեղ աշխատելու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ հաշուի առնելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները: Արձանագրելով կազամատակարարման, ուժանիւթի, ջուրի, սնունդի առնչուած հարցերը «ատիկա կը հակասէ միջազգային մարդասիրական օրէնքի սկզբունքներուն», ընդգծեց ան:

Ապա աւելցուց, որ այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած է մարդասիրական ճգնաժամ:

ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը յիշատակեց Արդարադատութեան Միջազգային դատարանի վճիռը, որ Ատրպէյճանէն կը պահանջէ ապահովել Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժը: Ան դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութեան զուգահեռ Ֆրանսան պիտի աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան ջանքերուն: