Պրակի իշխանութիւնները մերժած են թրքական կողմին խնդրանքը Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղադրել Քեմալ Աթաթուրքի արձանը։ Այս մասին յայտնած է Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող «Օրեր» պարբերականը՝ վկայակոչելով պաշտօնական որոշումը։
Կը յիշուի, որ նախապէս Չեխիոյ հայ համայնքը նամակով դիմած էր Պրակի իշխանութիւններուն՝ կոչ ուղղելով «հրաժարիլ հայերու` յոյներու ցեղասպանութեան համար մեղադրուող մարդու արձանը կանգնեցնելու մտադրութենէն»։