Թուրքիան աշխուժացուցած է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի հաւանական հանդիպումի նախաշեմին հացահատիկի գործարքի գծով Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ հաղորդակցութիւնները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է դիւանագիտական աղբիւր մը:
«Թուրքիան աշխուժացուցած է Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ հացահատիկի գործարքին վերաբերեալ բազմակողմ դիւանագիտական աշխատանքը: Աշխատանք կը տարուի արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւններուն միջոցով:
«Էրտողանի եւ Փութինի բանակցութիւններու նախօրեակին աշխուժացած է հացահատիկի նախաձեռնութեան իրականացման խոչընդոտող խնդիրներու վերացման աշխատանքը», ընդգծած է զրուցակիցը: