«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, Ֆրանսական Le Figaro պարբերականը կը յայտնէ, որ Ֆրանսա կը պատրաստուի բանաձև ներկայացնել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին՝ օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչներուն, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման մէջ գտնուելու պատճառով կանգնած են սովամահութեան եզրին։

Պարբերականը կը նշէ, որ Փարիզ եւ Ֆրանսայի խոշոր շրջանները մարդասիրական օգնութեամբ բեռնատարներու շարասիւն պիտի ղրկեն Հայաստան։

Կ՚արձանագրուի, որ փաստօրէն Դեկտեմբեր 2022-էն Ատդպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի հետ կապող միակ ճամբան արգելափակելէ ետք տեղւոյն հայ բնակչութիւնը պարբերաբար փորձութիւններու կ՚ենթարկուի՝ զրկուած ըլլալով սնունդի, դեղորայքի, կազի, ելեկտրականութեան, վառելանիւթի մատակարարումներէն։