Այս օրերուն դարձեալ դպրոցական վերամուտ է: Առաջին զանգ: Ուսումնական նոր տարեշրջան:
Քանի մը ամիսներու վրայ համրուած արձակուրդէն ետք, հայ թէ օտար բոլոր վարժարանները կրկին անգամ կը բանան իրենց դռները: Ծնողք, աշակերտ, ուսուցիչ, արդէն իսկ սկսած են մտնել դպրոցական նոր տարեշրջանի մը հունին մէջ:
Այս բոլորը տեսանելի են:
Վերամուտ է: Կարելի է աւելցնել՝ ուսման հրաւիրող կանչ: Ուսանողական կամ աշակերտական նոր կեանքի ներկայութիւն եւ սկիզբ:
Պէտք է նաեւ յիշել, որ «վերամուտ» ըսուածը, ըլլանք աշակերտ, ուսուցիչ, ուսանող կամ ծնողք, իւրաքանչիւրիս մօտ ժամանակաշրջան մըն է, իր բազմատեսակ հոգերով եւ մտատանջումներով ու յատկապէս այս օրերուն մանաւանդ ապրուստի սղութենէն ծնունդ առած՝ զանազան դժուարութիւններով:
Այս բոլորը նորութիւններ չեն: Արեւու նման՝ պայծառ: Կ’ապրինք քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական խառն ժամանակներու մէջ, որոնց բաւականին ծանր եւ բացասական անդրադարձներէն բոլորս ալ անմասն չենք կրնար մնալ։
Ու յաճախ մենք մեզի կը փորձենք մտածել, թէ իբրեւ սփիւռքահայեր, ինչպէ՞ս առանց հայ դպրոցի պիտի կարենայինք մեր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահելով գոյատեւել: Կարգ մը այլ անխուսափելի հարցերու կողքին, այս մէկն ալ նոյնն է իր գոյնով եւ տեսքով, եւ մեր բազմազան ըմբռնումները լուրջ քննարկումի կ’ենթարկէ:
Սակայն անկախ նման մտածումներէն, իբրեւ հայեր, երբեք կասկած չունինք, որ մեր ինքնութիւնը մեր տուներէն ետք, կը շարունակուի նաեւ հայ վարժարաններէն ներս:
Լաւ պէտք է գիտնանք, որ հայ վարժարանը մեր ինքնութիւնը պահող ամրակուռ բերդն է: Եթէ կ’ուզէք՝ հայ աշակերտին երկրորդ հարազատ տունը: Հոն է, որ ան կը սորվի իր լեզուն ու կը ծանօթանայ իր ազգի պատմութեան, իր ժողովուրդի դարերու մշակոյթին ու կը ներշնչուի անոնցմով: Հոն է, որ ան կը պատրաստուի իբրեւ գիտակից հայ, տիպար քաղաքացի եւ առաքինի մարդ:
Սփիւռքեան ճակատագրին մէջ ինկած ենք եւ կ’ապականի մեր շրջապատը ու  անհրաժեշտ է հայ մտքի կոփումը, հայ նոր սերունդը մեր տոհմիկ յատկանիշներուն հետ միատեղ կենսունակ պահելու եւ  մեր գոյատեւման պայքարին ազգային իմաստ տալու էականութեան կողքին։ Եւ ահա՛, հայ դպրոցը: Ա՛յս կ’ըսեմ, հաւատքով եւ նոյնքան ալ՝ յոյսով:
Միւս կողմէ սակայն ականատես ենք, որ արդէն ժամանակները փոխուած են։ Նաեւ փոխուած են մեր նոր սերունդի մտայնութիւնները, հետաքրքրութիւններն ու ճաշակները: Այս օրերուն մայրենի լեզու եւ կամ հայեցի դաստիարակութիւն ըսուած հասկացողութիւնը այն չէ, ինչ որ էր ասկէ նոյնիսկ հինգ տարի առաջ:
Հիմա եւ ամէն տեղ տեսանելի է օտար լեզուին ներկայութիւնը մեր կրթական եւ մշակութային կեանքէն ներս։ Ու առանց վարանելու կրնանք ըսել նաեւ որ մեր առօրեայէն ներս ալ յաճախ պատկերը տխուր է իր ոչ փայլուն ըլլալուն պատճառով: Այս բոլորը հաստատ իրողութիւններ են, որոնք կը փորձենք կրկին անգամ լոյսին եւ ճշմարտութեան բերել: Կրկնել: Ահազանգել:
Միւս կողմէ պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ շնորհիւ մեր ծնողներու գերագոյն զոհողութեան եւ մանաւանդ իր ազգի ապագային նկատմամբ ունեցած մեծ բծախնդրութեան, հայ վարժարաններէն ներս հայ աշակերտներու ներկայութիւնը մեզի կը պարգեւէ ե՛ւ սրտի հպարտութիւն, ե՛ւ գոհունակութիւն, ե՛ւ մեծ ուրախութիւն:
Որովհետեւ հայ ծնողները կը հաւատան, որ հայ դպրոցը պատմական կառոյց ալ է, նաեւ հայ ընտանիքը յիշեցնող համալիր մը։ Անոնք, ամէն զոհողութիւն յանձն կ’առնեն ու հայկական վարժարան կը ղրկեն, որպէսզի իրենց զաւակները մեծնան եւ նկարագիր կազմեն ազգային հարազատ միջավայրի մէջ:
Բայց նաեւ տխուր իրականութիւն է տեսնել, թէ այսօր բազմահազար հայ աշակերտներ հայկական վարժարաններու մէջ չեն, կամայ թէ ակամայ: Պատճառները բացայայտ են եւ յստակ: Անոնք բոլորն ալ զրկուած են հայ դպրոցի հարազատ ջերմութենէն, գուրգուրանքէն ու շունչէն, եւ կը խարխափեն օտար ու անապահով ուղիներու վրայ:
Հայ եւ օտար վարժարան յաճախող աշակերտներու պարագաները երկու հակադիր  եւ սակայն յստակ իրականութիւններ են, որոնցմէ վերջինը՝ մեզ մեծապէս կը տագնապեցնէ:
Եւ յանուն մեր գոյատեւման, պէտք է տագնապինք, որովհետեւ ամէն բանէ աւելի էական է, որ ոչ հայկական վարժարան յաճախող հայ աշակերտը չունենայ այն տպաւորութիւնը, թէ իր յաճախած օտար վարժարանէն ներս հայեցի դաստիարակութեան բացակայութիւնը, զինք պիտի հեռացնէ մեզմէ, մեր միջավայրէն, իր հայու պատկանելիութենէն: Ուստի անտէր չձգենք ու զինք ներգրաւելու անմիջական միջոցներ որոնենք:
Աւելին, ուրիշ շատ մը կենսական «բաներէն» առաջ, նաեւ պէտք է հայ վարժարաններուն նիւթապէս առաւել զօրավիգ կանգնինք, որպէսզի անոնք դառնան անխտիր բոլոր հայ աշակերտներուն սիրելի եւ հարազատ տունը: Այլ խօսքով՝ այլեւս պարզ հանդիսատեսի մեր իրավիճակէն դուրս պէտք է ելլենք: Խօսքէն գործի անցնելու ժամանակը հասած եւ նոյնիսկ շատ մը տեղեր անցած ալ է: Այլապէս՝ պարտութեան կը մատնուինք ու ձուլումը կը յաղթանակէ:
Այս մտահոգութիւնը պարզ մարտահրաւէր մը ըլլալէ աւելի առաջնակարգ պարտականութիւն ու պատասխանատուութիւն պէտք է նկատենք, որոնք մեր ներկայ կեանքի իրականութիւններուն հետ ամրօրէն շաղախուած են:
Ու պատիւ իրենց, հայ վարժարանը կը շարունակէ ունենալ զինք քաջալերող ու իր առաքելութեան հաւատացող ու նեցուկ կանգնող ազգանուէր հայորդիներ, յայտնի ու անյայտ բարերարներ, որոնք իրենց սրտէն, հոգիէն ու քսակէն միշտ «բան» մը տուած են, եւ կը շարունակեն տալ մեր ժողովուրդին:
Տեղին է, որ յատուկ խօսք եւ գնահատանք ու երախտագիտութիւն յայտնենք մեր վարժարաններու բոլոր մեծ ու փոքր բարերարներուն, որոնք հայ ծնողներուն եւ բարեսիրական միութիւններուն ու նուիրատուներու կողքին, ամէն առիթով իրենց նիւթական անսակարկ աջակցութիւնը հայկական վարժարան կը ղրկեն, եւ մեր վարժարաններու դժուարին կեանքը հեզասահ կը դարձնեն:
Իսկ հիմա, անկախ այս բոլորէն…յիշենք…կրկին վերամուտ է:
Ուրախ եւ հպարտ ենք, որ հայ աշակերտը կրկին անգամ կը վերադառնայ իր սիրելի ե՛ւ երկրորդ, ե՛ւ հարազատ տունը՝ հայ վարժարանը:
Արդ առաջին զանգին առթիւ՝ բարի դարձ եւ բարի երթ:
Գէորգ Պետիկեան