Այսպէս ենք բոլորս: Նոյն դպրոցէն շրջանաւարտ կամ թերաւարտ, երբ զանազան առիթներով իրարու հետ ենք, քով քովի ենք, կը խօսինք բարձրաձայն, կը խնդանք եւ իբրեւ նորութիւններ` անգիտակցաբար եւ ախորժակով նոյն հին պատմութիւնները կը կրկնենք նոյնքան բարձր ու կարծես նոր աշխարհ մը բացուած ըլլար միայն մեզի համար: Ու ինքնաբերաբար կը վերանանք: Կախարդական, նոյնքան ալ` անբացատրելի:

Հաւատացէ՛ք: Մեր ծննդավայրի փարոսը նկատուած Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին համար եւ սիրոյն ամէն տեսակի կազմակերպուած հանդիսութիւն կամ ճաշկերոյթ մեզի համար նոյնն է: Մեր հոգը չէ` այդ երեկոյ սրահի բեմէն ինչե՜ր կ՛երգուին, կը նուագուին եւ կամ մեր սեղաններուն վրայ իբրեւ ուտելիք` ինչե՜ր հրամցուած են: Ուտել-խմելու եւ կամ պարելու չենք եկած: Այդ ժամերուն բոլորիս բերնէն միայն յուշերն են, որ պար բռնելով` կը թափին ու այս ձեւով կը տաքցնեն, կը զարդարեն հաւաքի մթնոլորտը, ու մենք անզգալաբար իրարմով կը ջերմանանք:

Կը հաւատամ, որ միայն մեր մօտ չէ, որ կը գտնուի նման տեսարան: Բայց որո՞ւ հոգը: Մենք եկած ենք կամովին, հինը ապրելու իրականութիւնը մեր միտքերուն մէջ, զիրար տեսնելու: Ու կը զգաս, որ այդ պահուն հոգիէդ բան մըն է, որ կը փոխուի: Սակայն այդ օր, այդ պատմական օրը, այդպէս չեղաւ:

Միտքս պարզեմ: Մեր դպրոցի յոբելենական հրապարակային հանդիսութեան օրն էր, որուն դարձեալ ներկայ էինք բոլորով, երիտասարդ, տարիքոտ եւ տարեկից, մեզի համար սրահի ճակտին, փոքր բեմի մը չոր ու ճերմակ պատին վրայ ցուցադրեցին «վիտէօ» մը: Ահա՛ պատճառը…Ահա՛ մոգականը: Ցուցադրութէնէն ետք, երբ սրահի լոյսերը կրկին անգամ բացուեցան, կարծես ներկաները տարբեր համ եւ գոյն ստացած ըլլային: Մթնոլորտին մէջ կար բան մը, որ անուն չունէր, հակառակ անոր որ ներկայ էին նոյն դէմքերը, նոյն դպրոցը յաճախած անձերը` իրենց լայն ժպիտներով եւ կարօտի նայուածքներով: Թէեւ կար բոլորին իւրայատուկ եւ աննկարագրելի ջերմութիւնը, բայց «բան» մը փոխուած կ՛երեւէր: Սրահը հաստատ` կախարդուած էր: Չեմ գիտեր…Կարծես տարբեր «գոյն» եւ «ձեւ» ստացած ըլլայինք բոլորս ալ: Վստահաբա՛ր:

Աւելցնեմ, որ նախ այդ երիզը դիտեցինք լուռ ու երկար: Բաց աչքերով: Աչքեր, որոնք կամաց կամաց խոնաւցան եւ ինքնածին յուզումը գրաւեց մեր սրտերը: Տեսանք մեր վարժարանը` իր նախկին եւ նոր վիճակով: Թիթեղածածկ եւ քարաշէն դասարաններով, տասնամեակներ առաջ իր արիանոցի դիմագիծով եւ ապա իր քարակերտ տեսքով: Վերջը, պատերազմի հետեւանք, տեսանք իր ստացած ծանր վէրքերը, իր աւերակ ու ցաւալի «մարմինը», եւ ապա վերջին` զինք վերակենդանացնելու ճիգերն ու աշխատանքները: Այլ խօսքով, իր սաներուն ստեղծագործ ոգիին շնորհիւ` իր նոր ներկան: Ոգի մը, որ այդ երիտասարդներն ու պատանիները այս օրերուն կը շնչեն, կ՛ապրին եւ կը վերապրին: Օրինակելի, նոյնքան ալ` նախանձելի:

Տեսանք: Դիտեցինք եւ ապա վերջը…հիացանք եւ իրարմէ ծածուկ, անձայն եւ անաղմուկ մեր աչքերուն խոնաւութիւնը թաքցուցինք:

Ու այդ վերջն էր, որ մեզ բոլորս նետեց տարբեր աշխարհ, ուր միայն կային Հալէպն ու իր Ճեմարանը: Կարծէք` այդ պահուն հաւաքական յիշողութեան պայծառութիւնը շեշտուած ձեւով հրաշքի խորհուրդի նման յայտնուած էր: Բոլորս ալ գրեթէ նոյն յիշողութիւնը ունեցող մարդիկ էինք: Իսկ հիմա մեզի ի՞նչ պատահած էր: Կարծես` կրկին ծնունդ առած ըլլայինք: Երկիւղած եւ հպարտ:

Ճեմարանի վերանորոգման եւ վերականգնումի նկարներն ու տեսարանները մեզի, անկասկած, նոր շունչ տուած էին, եւ մեր միտքերուն` պայծառութիւն: Մտովի դարձեալ կը հաստատէինք, որ Ճեմարանը միշտ թարմ սերմեր ցանած էր իրերայաջորդ իր սերունդներուն, միաժամանակ` հաւատք եւ հայութիւն ստեղծելով անոնց հոգիներէն ներս: Ու ահա վկան: Ո՞վ կրնայ ուրանալ այս իրականութիւնը: Այդ վայրկեանին մատղաշ երեւակայութիւնն ու կարօտն էին, որոնք հպարտութեամբ կը լեցնէին մեր սրտերը:

Կրկին անգամ նաւարկեցինք յիշողութեան գետին վրայ ու այդ ալեկոծ ալիքներու մէջէն փորձեցինք գտնել, դուրս բերել, մեր կամքով իսկ, հին ու նոր դէմքեր, դէպքեր անուշ եւ լեղի պատահարներ, որպէսզի այս ձեւով թերեւս մենք զմեզ գտնէինք:

Ու անզգալաբար երկիւղած էինք: Ապշած եւ հիացած: Մտովի բոլորս ալ այցելած էինք ծննդավայր Հալէպ: Բոլորս ալ դարձեալ իրարու հետ եւ իրարմէ անջատ մեր մտածումներով հասած էինք տարիներու մեր դպրոց` Ճեմարանի դուռը ու հպարտօրէն ներս մտած: Մեզմէ շատեր քաղաքավար կերպով զարկած էին անոր թիթեղածածկ կամ քարակերտ դասարաններուն դռները: Բարձրացած էինք անոր կոտրտած, փոշոտած, ռմբահարուած աստիճաններէն ու ագահօրէն մեր աչքերով փնտռած` մեր դասարանները, որոնց ապակիները ջարդ ու փշուր եղած էին: Խե՜ղճ դպրոց, մեր ծննդավայրին նման` ինքն ալ զոհը դարձած էր անճակատագիր պատերազմին:

Կը զգայինք, որ մեզի հրամցուած այդ տեսերիզէն անխօս, բայց բացայայտ պատգամ մըն ալ կար, որ այդ վայրկեանին հասցէագրուած էր ուղղակի մեր ուղեղներուն: Մնայուն հաւատք:

Ու կը հաստատէինք, որ այս բոլոր տագնապներէն ետք, սփիւռքահայ մեր մաշումին դէմ եւ դիմաց, հոն հիմա կար յարատեւելու կամքը: Ճիշդ է, որ հինգ եւ աւելի տարիներու պատերազմը եւ համաշխարհային այլ տագնապներ մեզ բոլորս ալ յոռետես դարձուցած էին: Բայց ահա հայու տիրապետող եւ պատմական կամքին յայտնութիւնը եւ ոգին:

Բոլորին նման եւ հետես ալ կը հպարտանամ եւ կը յուզուիմ: Յուզումս կը ճնշէ զիս: Յաճախ կը մտածեմ` ուրկէ՞ եկած ենք, ի՞նչ ճամբայ կտրած ենք եւ ո՞ւր կ’երթանք:

Եւ շփոթած եմ: Սակայն այլեւս պէտք չէ շփոթիլ` կ՛ըսեմ հպարատօրէն: Ապագայի ծրագիրներով ապրող մարդը առհասարակ աչքի առջեւ կ՛ունենայ ոգեշնչող օրինակներ: Ու էական է, որ մենք չկորսնցնենք կենդանի կապը այս իրականութեան հետ:

Գէորգ Պետիկեան