Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ՝ Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան, Կիրակի, 20 Օգոստոս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, աւանդութիւնը պահելով յիշատակուեցաւ Ս. Աննայի ուխտի օրը, հոծ բազմութեան ներկայութեան, նկատի ունենալով որ Եագուպիէ գիւղը, ուր կը գտնուի Ս. Աննա եկեղեցին, տակաւին անապահով վիճակի մէջ կը գտնուի։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։

Օրուան պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ սրտի խոր գոհունակութեամբ եւ երախտագիտական հոգիով փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթ ստեղծեց եւ շնորհք ըրաւ համախմբուելու Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ տօնելու Ս. Աննայի յիշատակի տօնը, որ դժբախտաբար վերջին քանի մը տարիներուն ուխտատեղիէն հեռու կը կատարուի, սակայն ան յոյս յայտնեց, որ Արդարութեան Արեգակը պիտի ծագի, խաղաղութիւն պիտի հաստատուի եւ այս տօնը դարձեալ պիտի յիշատակենք Եագուպիէ գիւղէն ներս, ուխտատեղի հռչակուած Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին յաջորդող ութ օրերը մեր սրբազան հայրապետներուն կարգաւորումով նուիրուած են աղօթքներու, շարականներու եւ աստուածաշնչական ընթերցումներու, որպէսզի անոնց միջոցով Աստուածամօր Վերափոխման տօնը վերաթարմանայ հաւատացեալներու հոգիներուն, մտքերուն եւ սրտերուն մէջ։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը եւ Ս. Աննային տօնը իրարու առնչուած են։ Ս. Կոյս Մարիամի ծնողները՝ Աննան եւ Յովակիմը բարեպաշտ, աստուածասէր, եկեղեցասէր եւ առաքինութիւններով լեցուն զոյգեր էին եւ երբ շարունակ աղօթելով Աստուծմէ խնդրեցին, որ իրենց զաւակ մը շնորհէ, ստացան տարիներու իրենց հաւատքի պայքարին պտուղը՝ Ս. Կոյս Մարիամը, որ տաճարին մէջ հասակ առնելով ամբողջ իր կեանքը աստուածային կենդանի ներկայութեամբ թրծեց, օր ըստ օրէ եօթնարբեան շնորհքներով զարդարուեցաւ եւ հանդէս եկաւ որպէս Աստուծոյ ատակ անօթը։

Մակար Սրբազան Ս. Աննայի տօնին հրաւիրեց ուխտաւոր ժողովուրդի զաւակները, իրենց անձերը ինքնաքննութեան ենթարկելու, գիտնալու համար, որ դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար ի՞նչ կերպ հաւատքի պայքար կը մղեն եւ որքանո՞վ աղօթական կեանք կ՚ապրին։ Հետեւաբար, Ս. Աննայի հրաշափառ տօնին, Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալները, որպէսզի սուրբերուն բարեխօսութիւնը խնդրելով, Աստուածամօր նման անձնդիր եւ անանձնական սիրով ապրին, իրենց եսը փշրեն եւ ընդհանուրին շահը գերադասելով իրենց անձնական շահէն՝ օրհնութիւն եւ բարիք դառնան շրջապատին, ազգին եւ եկեղեցիին։
Սրբազան Հայրը Ս. Աննային բարեխօսութիւնը խնդրելով աղօթեց, որ Ամենակալը խաղաղութիւն հաստատէ ողջ աշխարհին եւ Սուրիոյ մէջ, պահպանէ հզօր բանակը, իմաստութիւն շնորհէ երկրի վսեմաշուք նախագահին եւ պատասխանատուներուն, իր հովանիին տակ պահէ մեր ընտանիքները, երիտասարդներուն գործի յաջողութիւն պարգեւէ եւ հիւանդները բժշկէ։
Մակար Սրբազան շնորհաւորեց Աննա անունը կրողները, ինչպէս նաեւ Աստուածամօր առնչուող անուններ կրողները եւ բարօր օրեր մաղթեց բոլորին։ Ան գնահատեց Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան անդամները, որոնք քաղցր մտայղացումը ունեցան մատաղօրհնէք կատարելով յիշատակելու Ս. Աննայի ուխտի օրը։ Ան գնահատեց նաեւ Հայր Սուրբը, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Քահանայ Հայրերը, թաղական խորհուրդը, դպրաց դասը, դպրապետը, տիկնաց եւ աղքատախնամ մարմինները, որոնք նուիրաբար կը ծառայեն եկեղեցւոյ։

Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ուխտաւորներու ներկայութեան մատաղօրհնէք կատարեց։ Օրհնուեցաւ Միութեան անդամներուն պատրաստած աւանդական Հարիսան եւ բաժնուեցաւ ներկաներուն։ Ժողովուրդին բաժնուեցաւ նաեւ Ազգ. Կրօնական Ժողովին կողմէ պատրաստուած Աստուածամօր պատկերը եւ աղօթք բովանդակող բացիկներ։