Հալէպի մէջ ՀՀ մարդասիրական ականազերծման հերթական 12-րդ խումբի աշխատանքը կեդրոնացած էր Հալէպի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հանտարաթ բանակավայրին մէջ:
Հայրենի սակրաւորներու կողմէ 2023-ի Մարտէն Օգոստոս ամիսներուն իրականացած ականազերծման աշխատանքէն ետք, մաքրուած տարածքը յանձնուեցաւ Հալէպի տեղական իշխանութեան: Այս բովանդակութեամբ յանձնումի եւ ստանձնումի գիրեր ստորագրուեցան:
Մարդասիրական խումբի պատասխանատու գնդապետ Արկատի Տօնոյեան տեղեկացուց, որ Մօտաւորապէս 135.000 քռ.մեթր ականազերծուած տարածքէն յայտնաբերուած է 77 միաւոր պայթած զինամթերք, որ հայ սակրաւորներու եւ սուրիացի իրենց գործընկերներու համատեղ աշխատանքով ոչնչացուած է:
Այս առիթով, սակրաւորներու 12-րդ խումբէն անդամներ իրենց մասնագիտական պարտականութիւններն ու վերադասի կողմէ առաջադրուած խնդիրները ժամանակին եւ ճշդութեամբ կատարելու, ինչպէս նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելու համար պատուոյ գիրեր ստացան, իսկ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հրամանագրով Արմէն Ռուբէնի Օհանեան պարգեւատրուեցաւ «Վ.Սարգսեան» մետալով:
Գնդապետ Տօնոյեանի համաձայն, ականազերծման աշխատանքներու ընթացքին ոչ մէկ պատահար արձանագրուած է, իսկ 2019 թուականէն սկսեալ ՀՀ մարդասիրական  ականազերծման խումբերը Հալէպ նահանգի մէջ արդէն աւելի քան 1.400.000 քռկ. մեթր ականապատուած տարածք ականազերծած ու  յանձնած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն:
Գնդապետին խօսքով, Հալէպի մէջ մարդասիրական խումբի աշխատանքները շարունակական բնոյթ պիտի կրեն ու մասնագիտական նոյն հմտութեամբ պիտի ընթանան: