Մի՞շտ այսպէս եղած է, թէ՞ միայն վերջերս է,- վերջին մէկ դարուն,- որ կորուստները հասեր են իրենց ծայրագոյնին, կամ զէնիթին:
Պահ մը մտածեցէ՛ք թէ մենք՝ հայերս, 20-րդ դարուն ինչպիսի՜ կորուստներ ունեցանք, սկսելով 1894-1896-ի ջարդերէն, Եղեռնէն, սովետական բռնապետութենէն, հասնելու համար համաշխարհային երկու պատերազմներուն, ապրելով Բերիայի շրջանը, ներգաղթը իր ահաւոր հետեւանքներով, լիբանանեան պատերազմը, Կիպրոսը, Իրանը, Հայաստանի երկրաշարժը, Արցախը, Սուրիան, դարձեալ Լիբանանը, դարձեալ Արցախը…
Ասիկա՝ միայն հայերուն պարագային. եթէ դիտենք աշխարհը զուտ մարդկային առումով, պէտք է նկատի առնենք նաեւ բնութեան աղէտները՝ երկրաշարժ, ցունամի, հրդեհներ, ողողումներ եւ այլն:
Արդեօ՞ք հաղորդակցութեան նոր միջոցներն ու անոնց արագութիւնն են, որոնց միջոցով մեզի կը հասնին լուրերը աշխարհի չորս ծագերէն եւ բազմաթիւ անկիւններէն,- ուր մի՛շտ հայեր կան,- որոնք մեզի կը զգացնեն մեր անհատական թէ հաւաքական կորուստները եւ խոշորացոյցի տակ կ’առնեն զանոնք:
Անցեալ դարերուն եւս եղած են նման մարդկային թէ բնութեան աղէտներ, որոնց ամէնէն ահաւորը, կը կարծեմ, հարիւր տարուան երկու պատերազմներն են՝ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, երկուքն ալ միջնադարուն, առաջինը՝ 1337-1360-ին, երկրորդը՝ 1415-1453-ի տարիներուն: Պատկերացուցէք թէ քանի՜ սերունդ ծնած, ապրած եւ մահացած է այս «հարիւր» տարիներուն ընթացքին. այդ սերունդներուն համար կեանքը պատերազմ էր, ուրիշ ոչինչ:
Բայց այդ երկու անգամ «հարիւր» տարիներուն, այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Ամերիկան, Ճափոնը, կամ Ափրիկէի երկիրները, ապրեր են իրենց խաղաղ, թէեւ դժուար առօրեան,- առօրեան մի՛շտ դժուար է իր ժամանակին համեմատ եղած հարցերով,- ապրեր են իրենց մանր պատերազմները, կռիւներու մէջ յաղթեր են կամ յաղթուեր…
Այսօր սակայն ուր որ բան մը պատահի,- նուազագոյն դէպքը,- արդէն շատ արագ կ’իմանանք. եւ եթէ քիչ մը խիղճ ունինք եւ քիչ մը զգայուն ենք, մեր նայուածքը կեանքին հանդէպ, ուզենք թէ ոչ, կը փոխուի:
Այս կորուստներուն ամէնէն աննշանը (աննշան՝ տիեզերական առումով) մեր սիրելիներուն կորուստն է, իսկ ամէնէն հզօրը՝ սեւ խոռոչներն են, որոնց մասին առաջին անգամ խօսուած է յարաբերական ուսողութեան մէջ (mathematics of relativity). գիւտ մը, որուն առջեւ Այնշթայն ինք վարաներ է՝ կրնա՞յ ասիկա ճիշդ ըլլալ։
«Այնշթայն կը պայքարէր պատկերացնելու համար, թէ բնութիւնը կրնայ նման սպառնալիք յառաջացնել, եւ թէ տիեզերական ժամանակը կրնայ հասնիլ նման հրէշային ծայրայեղութեան», որովհետեւ այս խոռոչները իրենց մէջ կրնան ներքաշել եւ անհետացնել ամէն բան, ԱՄԷՆ բան որ մարդկութիւնը ստեղծեր է դարերու եւ դարերու ընթացքին:
Նոյնիսկ լոյսը չի կրնար խուսափիլ սեւ խոռոչներուն սպառնալիքէն:
Հետաքրքրական է այստեղ այն իրողութիւնը, որ սեւ խոռոչներուն նման հսկայ գիւտ մը նախ գիտութեան, մաթէմաթիքի տարածքին մէջ տեղի կ’ունենայ, ապա կը հաստատուի բնութեան մէջ… Ուրեմն, որոշ չափով մարդկային ուղեղը, մարդուն տրամաբանելու կարողութիւնը կրնան հասնիլ բնութենական իրողութիւններու, նախքան անոնց հաստատումը փաստերով, որոնք շատ աւելի ժամանակ կը խլեն, ինչպէս սեւ խոռոչները, իրենց տեսական գիւտէն դար մը ետք հաստատուած…
Այս բոլորէն ետք կը մնան կորուստները եւ անոնց հետ համակերպելու, ապրելու մարդկային պարտադրանքը:
Կը յիշէ՞ք Արշակ Չօպանեանի «Ես Ի՞նչ Ընեմ Հոգիով» պատմուածքը. երկու եղբայրներ Կիրակի յետմիջօրէի մը տունն են, փոքրը կը խաղայ, մեծը կը կարդայ: Փողոցէն յուղարկաւորութեան թափօր մը կ’անցնի տրտում երգերով եւ խունկի հոտով: Փոքր եղբօր համար ասիկա նորութիւն մըն է. կը սկսի հարցումներ ուղղել մեծ եղբօրը, բայց չգոհանալով անոր պատասխաններէն, կը դիմէ մօրը, որ նոյնանման պատասխաններ կու տայ: Եւ փոքրիկը յանկարծ կը սկսի բարձրաձայն լալ, հասած ըլլալով դառն իրականութեան.
«Մինակ հոգի՞ս պիտի երթայ անդին… Ըսել է ա՛լ մայրիկը պիտի չտեսնեմ, ա՛լ հայրիկիս ձեռքը պիտի չբռնեմ, ա՛լ պիտի չքալեմ, ա՛լ կերակուր պիտի չուտեմ… Է՜, ի՞նչ ընեմ, հոգիով ի՞նչ ընեմ ես…»:
Մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ նման ողբ կը սկսի ինքզինք զգացնել այն օրէն, երբ կը զգանք կորուստը սիրելիի մը: Որքան մեծնանք, որքան հասունութիւն ապրինք, այդ ողբը կը վերածուի տիեզերքին, բայց մանաւանդ կեանքին առջեւ դրուած էական հարցադրումներու (existential perplexities, գոյացական տարակուսանք):
Բայց ինչպէս որ սեւ խոռոչներէն կարգ մը մասնիկներ կրնան ճողոպրիլ եւ  դուրս գալ, ճիշդ այդպէս ալ մեր սիրելիներուն կորուստի ցաւը կրնանք ամոքել յուշերով եւ երեւակայութեամբ, որոնք մեր մէջ կ’ապրին, եւ որոնց միջոցով  կրնանք զիրենք մեր առօրեային մէջ բերել:
Բայց եթէ ճիշդ է այն վարկածը, որ կ’ըսէ թէ մեր մէջ աստղափոշիներու հիւլէներ կան, ուրեմն մեզի համար, ենթագիտակցօրէն, ծանօթ է տիեզերական վիճակը, ուր կորուստները անխուսափելի են, հակառակ անոր, որ կ’ըսեն՝ ոչինչէն բան չի ծնիր եւ ոչինչ կը կորսուի, պարզապէս ձեւ եւ տեսակ կը փոխէ: Նոյնիսկ Բանը սկիզբէն գոյութիւն ունէր, ինչպէս կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ:
Յստակ է, որ մարդկային գիտակցութիւնը յաճախ կը մոլորի զիրար հակասող իր մտածումներուն մէջ: Բայց ի՛նչ ալ որ ըլլայ, եթէ կորուստները անխուսափելի են, կը մնայ անոնց հետ համակերպիլ, անոնց հետ ապրելու ձեւ գտնել:
Եւ ի՞նչ աւելի գեղեցիկ ձեւ համակերպումի, քան արուեստներն ու գրականութիւնը … որոնք կը մնան մարդկային հոգիին բոլոր դարերու նուաճումը:
Մարուշ Երամեան