105 տարին երկար ժամանակ է մարդու մը կեանքին համար, սակայն կա՛րճ, շատ կարճ ժամանակ է ազգային հաւաքականութեան մը համար, մանաւանդ գաղթական եւ որբացած սերունդներէ միտքով ու մարմնով առողջ, իրենց ինքնութեամբ հպարտ սերունդներ կերտելու համար։
Սովորական միութիւն մը չեղաւ ՀՄԸՄ-ը։
Սովորական պայմաններու մէջ չգործեց մէջ չգործեց ՀՄԸՄ-ը։
ՀՄԸՄ-ը ծնաւ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքին ընդմէջէն։

Ահա այս միութեան երիտասարդ սերունդը, Կիրակի, 20 Օգոստոս 2023-ի երեկոյեան, Քեսապի Էքիզոլուքի բանակավայրէն ներս կազմակերպեց ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակումի խարուկահանդէսը։

Խարուկահանդէսին ներկայ գտնուեցան Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, Պատկան մարմինի ներկայացուցիչներ, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետը եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Խարուկահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով։ Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոնտկայս յարգեցին հայ եւ սուրիացի, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ական բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը։

Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետ Ցոլին Պալեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա անդրադարձաւ բանակումի անուան՝ Եղբ . Գառնիկ Մկրտիչեանի Հ.Մ.Ը.Մ ի կառոյցի քառորդ դար բերած ներդրումին։

Հայ մշակոյթը, հայ դպրոցը, հայ մարմնակրթութիւնն ու հայ մարդու բնորոշ յատկութիւնները անսակարելի արժէքներ համարող եղբայր Գառնիկ , դժբախտաբար մեզմէ յաւերժ բաժնուեցաւ իր ետին ձգելով հաւատարիմ ընկերոջ ծառայութիւնը։
Պալեան հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ բանակումի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն ՀՄԸՄ-ի
ընտանիքին իրենց վստահութեան համար։
Արաբերէն խօսք արտասանեց Հուրի Սարգօ։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց երկրիս վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար ալ-Ասատին, որ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ երիտասարդութեան գործունէութեան։

Այնուհետեւ հերթականութեամբ ներկայացուեցան սկաուտական գաւազանով եւ ռիթմիկ, սկաուտական բուրգն ու թմպլիկը, ապա գայլիկները պարեցին հայկական եւ եւրոպական պարեր, ներկայացուցին զաւեշտ եւ ասմունք։

ՀՄԸՄ-ի Վարչութիւնն ու Սկաուտ Խորհուրդը գնահատեցին 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու ուսումնական կեանքին մէջ յառաջադէմ եղբայրներն ու քոյրերը։

Քահանայ հայրը քաջալերական խօսքերով գնահատեց այս բանակումի կազմակերպումը, շնորհաւորեց պատասխանատուները այս նուիրեալ գործին համար եւ մաղթեց որ այս միութիւնը մնայ միշտ իր նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր»-ին հաւատարիմ։
Խարուկահանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Նայիրի Կարապետեան