(Հեղինակ՝ Մարզպետ Մարկոսեան)

Այս հատորը կը սկսէր հեղինակին առաջին տպաւորութեամբ,  որ ան կը կրէր   Քալիֆորնիա հասնելու վաղորդայնին. «Հոս տիեզերական մա՛րդն է, որ կը կոփուի, կը դարբնուի՝ մէկդի թողած ազգային կամ  ցեղային ամէն  պատկանելիութիւն»:
Բայց ահա ժամանակը ցոյց կու տայ, որ միշտ բացառութիւններ պիտի ըլլան, եւ ինք այս վերջիններէն է. այս կը հաստատեն  համեստ ծննդավայրին անջնջելի կարօտը սնուցող հազարումէկ պատառիկները, որոնք   միշտ ներկայ են ու այնքան խոր քնարականութեամբ կը  թակեն անոր հոգիին դռները եւ ապա կը յանձնուին թուղթին, իսկ առաջին հերթին՝ անմիջական շրջապատը լեցնող դէմքերը.
«Մեր թաղին3 տարածքը մեծ չէր. անոր կեանք տուող թաղեցիներուն՝ բոլորն ալ Եղեռնէն վերապրած, սրտերուն ընդարձակութեան չէր հասներ.  անոնք՝ թաղեցիները, Դագէս էմմին, Թորոս էնիշտէն, Խնկան էմմին, Գէորգ էմմին, Աբէլ աղան, Սարգիս աղան ու տղան՝ Մկրտիչը, Պեպեքճին, պրն. Սարգիսը, պրն. Երուանդը եւ Հայրապետն ու  այդ բոլորին  հսկող ու անհրաժեշտութեան պարագային հասնող պրն Սահակը4…»:
Իսկ քայլ մը անդին՝
«Թաղին հարաւային սահմանը նարնջենիներն էին, իսկ հիւսիս-արեւելեան կողմէն՝ Լափաշներու  թաղը: Անոր կողքին բանջարեղէններու  դաշտը, մասնաւորաբար  ու մանաւանդ  այն հատուածը,  ուր  կը հասուննային ելակները՝ տարածելով  իրենց շամանդաղուող  բոյրը  համեստ պարտէզներէն մինչեւ  մեր թաղը, դաշտը վերածելով պտուղներու… վաւերական երանգապնակի»:
Բայց կայ աւելի փորձանաւորը՝ տան բոլորովին կից.
«Մեր տան ճիշդ քովը տիկին Շեյխայի տունն էր ու պարտէզը: Մտքիս մէջ մինչեւ հիմա կը յամենան պարտէզին մանտարինի ծառերը: Ձմրան՝ Նոյեմբեր, Դեկտեմբերին հասուն պտուղներուն վրայ անձրեւի կայլակները շռայլ պսպսղումներով  կը խայտային եւ արեւուն ճառագայթները կը տարբաղադրէին  անձրեւի կաթիլները անհամար պրիսմակներու  վերածուած: Որքա՜ն պիտի ուզէինք համտեսել այդ պտուղները, որպէսզի մեր աչքերուն տեսածը  մեր մանուկի քիմքերը հաստատէին: Բայց ափսոս, պարտէզը պաշտպանող փշաթելերը կը սանձէին մեր ախորժակները, իսկ մեր ծնողները խստիւ պատուիրեր էին՝  «չըլլայ քի լսենք»»:
Բայց նաեւ ու մանաւանդ շարականները մօտակայ եկեղեցիին, ուր ինք մանուկ հասակէն սկսած կը ծառայէր իբրեւ դպիր.
«Այդ երգերը Ծննդեան գիշերներու «Խորհուրդ մեծ»-ն  էր ու Զատկուան գիշերներու «Քրիստոս յարեաւ»-ը: Գիտէի այդ երգերը, մենք եւս այդ պահերուն կ’երգէինք տունէ-տուն՝ քանի մը գաթայ կամ քանի մը դահեկան ստանալու համար5 եւ մէկ-երկու ժամ ետք կազմ ու պատրաստ, առաւօտ կանուխ, երբ ժամը կը մօտենար չորսին, կ’աճապարէինք դէպի սուրբ Աստուածածին եկեղեցին՝ տօնական  օրերու առաւօտեան ժամերգութիւնը սկսելու».
Լոյս, արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս,
Ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի…
Ու դեռ ասոնց հետ ու ասոնց չափ ալ… «Դըլէ եաման»-նն ու «Որսկան աղբեր»-ը…
Կարելի է միայն զարմանալ, թէ այս բոլորին մտապատկերը  ինչպէ՞ս կրցած է այնքան վառ,  կենդանի ու անաղարտ կրել այսքան տարի՝ կենսաբանական գիտութիւններու եւ բջիջային  կենսաբանութեան տարրալուծարաններուն մէջ եւ Քալիֆորնիոյ այլասերիչ քառուղիներուն վրայ:
* * *
Վերջին, բայց ոչ-նսեմագոյնը այս գրքին ու անոր հեղինակին արժանիքներէն:
Այն միջավայրին մէջ, ուր հասակ առաւ Մարզպետ,- ու տողերս գրողը,- չէին պակսեր հայախօս ընտանիքները, սակայն այն հայերէնն ու հայեցի մթնոլորտը, որ կը տիրէր Մարկոսեաններու տան մէջ, ունէր  ուրիշ որակ ու տարողութիւն.  Մարզպետ այդ որակն ու տարողութիւնը իւրացուցած  ալ բաժնուեցաւ բոլորէս եւ  վաղ երիտասարդական տարիներուն  մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ՝ աշխարհի ամենայառաջադէմ ոստանին մէջ աւելի տիրելու խորհուրդներուն այն  գիտութեան, որ մագնիսի մը պէս  կը քաշէր զինք, ու յաջողեցաւ այնտեղ անյագուրդ ըմպել անոր  յորդառատ դաշխուրանէն:
Իր յաճախակի այցելութիւնները՝ ծննդավայրը, հարազատներուն եւ բարեկամներուն, դիւրաւ նկատելի կը դարձնէին  այն շեշտուած հայեցիութիւնն ու լեզուական  գերակայութիւնը, որ ան  կը վայելէր յարաբերաբար շրջապատին : Ու չէինք զարմանար. ան միշտ փայլած էր իր գերակայութեամբ:  Ինչ որ սակայն ապշեցուցիչ էր՝ հայերէնի իմացութեան այն յաւելեալ որակն էր, որ ձեռք բերած էր բացակայութեան տարիներուն՝ առինքնող որակը բառերուն, շարադրութեան ու ոճին: Գոհանանք քանի մը նմուշով. ընթերցողը ամէն քայլին պիտի  վայելէ զանոնք:
Այստեղ ուշադրութիւնդ կը գրաւեն՝
– Առաջին նուագ  այն բառերը, որոնց… առաջին անգամն է կը հանդիպիս կեանքիդ մէջ, ինչպէս՝ անհերձելի, երկպարուրային, կողահերձ, հաստատուններ (constants), հաւատաւոր թերափ,  հոգեյատակ, հրազինել, մոյնք,  շաքլել (droning), ոչնչատեսիլ,  սաղապամիտ, ստերիւր-անստերիւր, վրնջական, փաղաղուած, փերեւետել…
– Ապա այնպիսիները, որ տարտամօրէն կը ճանչնաս, սակայն չես համարձակիր կիրարկել, ինչպէս՝ անգայտ, գոյութենական իսկութիւն,  խոտոր համեմատիլ,  մախանք, շամանդաղ, շողոմել, վարշամակել, տեսակարար կշիռ…
– Եւ վերջապէս ոճեր ու բառակապակցութիւններ, ինչպէս՝
առհաւական խռովք
գաղափարական հերձումի անէծքը
խտղտացնող փառասիրութիւններ
կարողական ստորոգելիներ,
միամտութիւններ փառասիրել
յուզումնախառն զգայնութիւններու ալեբախումը յուշերու խարակներուն դէմ
պալար կապած մտքի ու գաղափարի ստերջութիւն
սնամէջ ու անբարձելի տարակարծութիւններ
Իր տեսակէտները համոզիչ դարձնելու համար չի վարանիր Աստուածաշունչէն, Նարեկացիէն, մինչեւ մեր շարականներէն գրաբար այլազան մէջբերումեր կատարելու.
Եթէ Քրիստոս չիցէ յարուցեալ,
ընդունայն են հաւատքն ձեր,
ընդունայն են քարոզութիւնք մեր:
Կարելի չէ հարց չտալ՝ «Աղէկ,  հապա այս գրաբարը ե՞րբ եւ որմէ՞սորվեցաւ»:
Չենք կրնար այս հատուածը փակել՝ առանց անդրադառնալու Մարզպետի գրական ծաւալուն վերլուծումներուն՝ նուիրուած Չարենցի, Թէքէեանի, Զարեհ Մելքոնեանի, Ժագ Յակոբեանի, Ստեփան Ալաջաջեանի եւ քանի մը  ուրիշներու, վերլուծումներ, որոնք շատ աւելի անդին կ’երթան հայկական երկրորդական վարժարանի մը տուածէն՝ մեր բոլոր  յարգանքներով իր յաճախած դըպրոցին հանդէպ: Առ այս՝ չի վարանիր հրապարակել իր յախուռն դատողութիւնները. «Ժագ Յակոբեան կ’ըլլայ մեր մշակոյթի անդաստանի տիրական դէմքերէն մին՝ քովն ի վեր Մեծարենցի, Տէրեանի ու մանաւանդ Վահան Թէքէեանի»: Սա իր կարգին  կը նշանակէ աւելի քան սիրողական ուրիշ մարզ մը, որ առիթ գտած է  զարգացնելու  նմանապէս ակադեմական կրթութեան զուգահեռ, ա՛լ չեմ խօսիր օտար գրականութեանց,- գրականութեա՛նց կ’ըսեմ, այո՛,- մէջ ունեցած ապշեցուցիչ ծանօթութիւններուն մասին:
Այս պարագային եւս  գոհանանք հակիրճ  նախաճաշակով մը կամ յիշատակումով մը միայն, իսկ ընթերցողը աշխատութեան  երկայնքին  լիաբուռն պիտի գտնէ այսպիսիները մեծ ձեռնհասութեամբ կիրարկուած՝ ի վայելումն քմաց ու մտաց իւրոց:
3- Պուրճ Համմուտի հիւսիս-արեւելեան  ծայրը՝  բոլորովին հայախօս Նոր Թոմարզան: 
4- Հեղինակը  համեստութեամբ կը խուսափի յիշելէ, որ ան՝ ոմանց համար «պարոն Սահակը», իսկ ուրիշներու համար՝ «Սահակ աղան» հայրն է՝ ըստ ամենայնի պատկառելի անձնաւորութիւն մը,  որ հանրօրէն յարգուած ու սիրուած  էր  բոլորէն:
5- Այդ գիշեր պտտողները  միայն իրենք չէին. կը պտտէին ուրիշ խումբեր ալ, որոնք  կը զարնէին իր պապենական տան դուռը եւս. այստեղ՝ կիսաբաց դռնէն ձեռք մը ափ մը չամիչ, գաթայ մը  կամ մետաղադրամ մը երկարելով չէր գոհանար. դուռը լայն կը բացուէր երգողներուն առջեւ, անոնք սիրալիր ներս կը հրաւիրուէին,  ըստ պատշաճի կը հիւրասիրուէին այլազան բարիքներով, աւարտին՝  պարոն Սահակը կամ Սահակ աղան մտերմաբար կը հարցնէր. «Նայիմ որքա՛ն հաւաքեր էք»… եւ տղաքը  իրենց հաւաքած գումարը  կրկնապատկած եւ մախաղները  լեփլեցուն դուրս կու գային  այդ տունէն:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Արմենակ Եղիայեան