Թուրքիայէն խումբ մը մտաւորականներ, գրողներ, քաղաքագէտներ եւ մարդու իրաւանց պաշտպաններ, միանալով Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ճեղքելու ԿՈՉ-ի մը շուրջ, հանդէս եկած են միջազգային հանրութեան ուղղուած համապատասխան ազդեցիկ յայտարարութեամբ, հայցելով անյապաղ միջամտութիւն՝ վերջ դնելու երբեմնի կենսունակ Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամին, կանխելու տուեալ շրջափակումին հետեւանքով նախատեսուող աղէտալի հետեւանքները:

ԿՈՉ-ը հրապարակողները կը շեշտեն, որ Պաքուի կառավարութեան իրագործած եւ Անգարայի զօրակցութեամբ շարունակուող անողոք շրջափակումը ո՛չ միայն մեկուսացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը, այլեւ կը յուշէ կանխամտածուած մօտալուտ ցեղասպանութեան իրականացման մտավախութիւնը:
ԿՈՉ-ը ստորագրած մտաւորականներու բողոքին հիմքը կը յենի այն համոզումին, որ փրկարար քայլեր առնելու համար անընդունելի է սպասել մարդկային այս ահաւոր իրավիճակի բարդացման: Խումբը կը հաստատէ նաեւ այն անժխտելի իրողութիւնը, որ «ցարդ կարելի չէ պարէնային տարրական կարիքներու պաշար հասցնել Լեռնային Ղարաբաղ, զուգահեռաբար առողջապահական համակարգի առնչակից շտապ օգնութեան եւ դեղորայքի բացարձակ բացակայութեան, որուն հետեւանքով ալ բնակչութիւնը յայտնուած է սովի եւ համաճարակներու սպառնալիքի եզրին:
Ճգնաժամը ամէն վայրկեան քիչ մը աւելի կը սրի ու կը խորանայ…
Պաքուի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ, խթանելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը բնջնջելու իր մոլուցքը, կը շարունակէ բացայայտօրէն եւ շարունակաբար սպառնալ տեղւոյն բնակչութեան գոյութեան։ Այս մասին Միջազգային Քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուի Մօրէնօ Օքամփօ իր հրապարակած նշանակալից յօդուածով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ալիեւի հակամարդկային գործողութիւնները բնութագրած է որպէս «ցեղասպանութիւն»…:

Ուստի կոչ կ՚ուղղենք բոլոր պետութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ին, Միջազգային Կարմիր Խաչին եւ միջազգային հանրութեան՝ մարդկային այս ահաւոր աղէտին անդարմանելի հետեւանքները կանխարգիլող դիրքորոշում ցուցաբերելու:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի բաւիղներուն մէջ, պատմական զուգահեռի մը լոյսին տակ, ճիշդ այնպէս ինչպէս (1948-1949) Պերլինի շրջափակումը ճեղքուեցաւ օդային մատակարարումներով, մենք եւս կոչ կ՛ուղղենք այս օրինակով վերջ դնելու մարդկային այս ահաւոր ողբերգութեան եւ օդային մատակարարումով ճեղքելու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման օղակը…»:
ԿՈՉ-ը ստորագրած են Թուրքիա բնակող հետեւեալ մտաւորականները.-
1.- Ապտուլլահ Տէմիրպաշ
2.- Ապտուլհաքիմ Տաշ
3.- Ատնան Ճանկուտէր
4.- Ատնան Չէլիք
5.- Ահմէտ Այքաչ
6.- Ամէտ Քոնուք
7.- Աքըն Աթաէօզ
8.- Աքըն Պիրտալ
9.- Ալիվ էր
10.- Ալեքս Քէօշկէրեան
11.- Ալի Կէօքքայա
12.- Արի Կիւնթէր
13.- Ասլը Էրտողան
14.- Աթելլա Թույկան
15.- Այշէ Հիւր
16.- Այշէ Եըլտըրըմ
17.- Այշէկիւլ Տէվիճիօղլու
18.- Պասքըն Օրան
19.- Պայրամ Քայա
20.- Ճելալ Պաշլանկըճ
21.- Ճէնկիզ Աքթար
22.- Ճէնկիզ Արըն
23.- Տէնիզ Տրէյսպօշ
24.- Պողան Էօզկիւտէն
25.- Էմրա Չիլասուն
26.- Էրտալ Տողան
27.- Էրտողան Քահեաօղլու
28.- Էրէն Քէսքին
29.- Էրկիւն Պապահան
30.- Էրոլ Էրճան
31.- Էսէր Պուտաք
32.- Էսրա Մունկան
33.- Ֆաթիմէ Աքալըն
34.- Ֆիքրէթ Պասքայա
35.- Կարօ Գաբրիէլեան
36.- Կէնճայ Կիտսոյ
37.- Կիւնկէոր Սենքալ
38.- Կիւրհան Էրթուր
39.- Հաճիր Անսալ
40.- Հասան Պորկուճուօղլու
41.- Հատիճէ Եըլտըզ
42.- Հըտըր Չէլիք
43.- Յովսէփ Հայրենի
44.- Հիւսէյին Հապիպ Թաշքըն
45.- Իպրապիմ Սեվին
46.- Ինան Կետիք
47.- Ինճի Թուղսառուլ
48.- Իրա Ցուրու
49.- Քեմալ Պիլկէթ
50.- Քեմալ Հիւր
51.- Քեմալ Եալչըն
52.- Քինան Ենիճէ
53.- Մահմուտ Քոնուք
54.- Մեհմետ Ալի Պալթա
55.- Հաֆիզ Էօզալիէք
56.- Նէճաթի Ապայ
57.- Նետիմ Քիպար
58.- Նեսիմ Օվատիա Իսրայէլ
59.- Նիսրին Նաշ
60.- Նիզվաթ Օնարան
61.- Նուրճան Պայսալ
62.- Նիւրթէն Գրմըզըկիւլ
63.- Օքան Քիւչիքէրսան
64.- Օսման Օքքան
65.- Օյա Պայտար
66.- Էօմէր Ֆարուք Կէրկէրլիօղլու
67.- Էօմէր Մատրա
68.- Րաշօ Տօնէֆ
69.- Րակըբ Տուրան
70.- Րակըբ Զարաքօլու
71.- Րամազան Նեզկիւն
72.- Րեճեփ Մարաշլը
73.- Սաաիթ Չէթինօղլու
74.- Սաաիթ Օրալ
75.- Սելահիտտին Քօչաք
76.- Սելայ Էրթէմ
77.- Սելմա Քոչիվա
78.- Սերտար Քօչման
79.- Սիպիլ Եիկրթէքին
80.- Շ՛ապան Իպա
81.- Շաքիր Պելկին
82.- Սամիլ Ալթան
83.- Սանար Եուրտաթովան
84.- Շիքրի Էրճան
85.- Թանէր Աքչամ
86.- Իւլիւ Չէվիք
87.- Վիքթորիա Ճիպրութ
88.- Եալչըն Էրկիւնտողան
89.- Եասիմին Կետիք
90.- Եաշար Քիւչիւք Ասլան
91.- Եաւուզ Այտըն
92.- Եաւուզ Պայտար
93.- Եդուարդ Տանձիկեան
94.- Եըլտըզ Այտըն
95.- Եուսուֆ Քէօսէ
96.- Զարիֆէ Աթըք
97.- Զիյա Էօզտէր

Սալբի Գասպարեան