Ամերիկացի ծերակուտական Պիլ Քեսիտին Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն որակած է:

«Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակը օրէ օր աւելի կը ծանրանայ։ Եթէ Ատրպէյճան չվերացնէ շրջափակումը, մարդիկ սովամահ պիտի ըլլան։ Սնունդի օգտագործումը որպէս զէնք Հռոմի պայմանագրութեան 7-րդ յօդուածի խախտում է՝ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն», գրած է Քեսիտի Twitter-ի իր միքրոպլոքին վրայ։