Երբ զինուած եւ ուղղորդուած անօրինական զինեալ խմբաւորումները ասպատակեցին Հալէպ քաղաքի գրեթէ մեծամասնութիւնը, այդ բարբարոսութենէն անմասն չմնաց նաեւ Ճէպէլ Սէյտէն ու յատկապէս ազգապատկան Բնակարանային կառոյցը, որուն հոգեւոր հովիւն էր եւ կը մնայ հայրենասէր հոգեւորական, արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Տատաղլեան։

Շէնքի բնակիչները տարհանուեցան։ Ոմանք Հալէպի մէջ առաւել ապահով շրջաններ ապաստանեցան, ոմանք ալ բոլորովին գաղթեցին այլ երկիրներ։

2018֊ին, Հալէպ քաղաքի ազատագրումով, տեղի ունեցաւ Ճէպէլ Սէյտէի ազատագրումը եւս, որուն շնորհիւ հայ կաթողիկէ համայնքապատկան կառոյցը բարերարներու նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ կարճ ժամանակուան միջոցին վերականգնուեցաւ։

Անոնք, որոնք տակաւին կը բնակին Հալէպ պիտի տեղափոխուին իրենց բնակարանները, իսկ դատարկ մնացած յարկաբաժինները պիտի համալրուին նոր բնակիչներով։

Վերանորոգման բերկրանքն ու ուրախութիւնը` Հալէպահայութիւնը ապրեցաւ Շաբաթ, 26 Օգոստոս 2023֊ի առաւօտեան։

Ամեն.եւ Գերերջ.Տ.Տ.Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհ.Տ.Պետրոս Արք.Միրիաթեան, Ճէզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհ.Տ.Անդրանիկ Եպս.Այվազեան, Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի նորանշանակ Առաջնորդ Արհ.Տ.Գէորգ Եպս.Ասատուրեան, Եգիպտոսի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհ.Տ.Օգոստինոս Եպս.Գուսանեան եւ Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Գերյարգելի Յովսէփ Թ.Ծ.Վրդ.Պէզէզեան բացումը կատարեցին Հալէպի Ճէպէլ Սէյտէ թաղամասի բնակարանային ծրագիրի
վերանորոգուած ազգային շէնքին, որ կ’ընդգրկէ նաեւ Աւետման մատուռն ու Ախթամար սրահը։

Ներկայ էին նաեւ սոյն վերանորոգումը իրականացնող բարեգործական միութիւններու, կառոյցներու նեդկայացուցիչներ եւ անհատ բարերարներ։

Հայրապետի սրտառուչ խօսքը սփոփանքի եւ խրախուսանքի հրաւէր մըն էր հալէպահայութեան, որպէսզի ան անսասան եւ աներեր մնայ բոլոր մարտահրաւէրներու եւ խոչընդոտներու դիմաց, քանզի փայլուն ապագան զինք կը սպասէ։

Աւարտին, Ամեն.եւ Գերերջ.հոգեւոր Տէրը օրհնեց վերանորոգուած շէնքը եւ բարի բնակութիւն մաղթելով հրաժեշտ տուաւ։

Ապա ուղղուեցաւ դէպի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Աստուծոյ Ծառայ Գարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Պատրիարքի անուան նուիրուած փողոցը, որ Արհ. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի խնդրանքով քաղաքապետարանի ընդառաջման լոյսին տակ վերանուանուած էր հայոց հայրապետին անունով որպէս յաւիտենականացում անոր յիշատակին։

Ապա Կաթողիկոս Հայրապետը ուղղուեցաւ առաջնորդարան, որուն դահլիճին մէջ ընդունեց թեմի կղերական դասու ընտանիքներն ու հալէպահայ իր հարազատները։

Յետմիջօրէին Մայր օգնութեան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ԱԳՏ Պետրոս ԻԱ. ի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Տէր Ներսէս Ժոզէֆ Զապարեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ուխտադրման արարողութիւնը։