Երկուշաբթի, 28 Օգոստոս 2023-ի առաւօտեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք ՆԱԳՏ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանին, որ Հալէպ կը գտնուի հովուապետական անդրանիկ այցելութեամբ։

Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Մանուէլ Տէր Մանուէլեան։

Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, Մակար Սրբազան բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան, դիտել տալով որ Պատրիարք Հօր այցելութիւնը ոգեւորիչ ազդակ է սուրիահայութեան ապրած այս ծանր օրերուն եւ խթան վերականգնումի աշխատանքներուն։

Իր կարգին Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար շեշտեց յարանուանութիւններու կարեւոր դերը սուրիական ընկերութեան ընդհ. խճանկարին մէջ եւ բարեբեր օրեր մաղթեց սուրիահայութեան, յոյս յայտնելով որ միասնական աշխատանքով կարելի կը դառնայ յաղթահարել երկրի տնտեսական դժուարութիւնները ու սատարել սուրիական հայրենիքի վերականգնումին։