Երկուշաբթի, 28 Օգոստոսի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչները այցելեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Պատրիարք Մինասեանին։

Տիար Վրէժ Եագուպեան բարի գալուստ մաղթելով Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուց երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ իսկ համայնքի աշխոյժ գործունէութիւնը, անդրադարձաւ ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական եւ կենցաղային դժուարութիւններուն, յատկապէս դպրոցներու վերամուտի նախօրէին։

Հոգեւոր Տէրը հաստատեց, որ հակառակ դժուար պայմաններուն Հալէպը կը մնայ հայութեան մայր գաղութը իր աշխոյժ գործունէութեամբ, հայկական դիմագիծով, եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւններու պահպանումով, հաստատելով որ ջանք պիտի չխնայէ երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ նեցուկ կանգնելու սուրիահայութեան։