Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Պատրիարքը Հալէպ կատարած հովուապետական իր այցելութեան երրորդ օրը՝ Կիրակի, 27 Օգոստոսին, Հալէպի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին, որուն կը մասնակցէին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, եպիսկոպոս հայրեր, քահանաներ եւ սարկաւագներ։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապի ներկայացուցիչ Ճորճ Պախխաշ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Նախքան հանդիսաւոր Ս․ Պատարագը, Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցի տանող գլխաւոր ճամբուն վրայ տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, ուր բարձրացան ողջոյնի եւ բարի գալուստի պաստառներ եւ յաղթանակի կամարներ, սկաուտական շեփորախումբի նուագին ընկերակցութեամբ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եկեղեցի մուտք գործեց հոգեւոր եկեղեցական թափօրով մը, շրջապատուած՝ կղերական դասով եւ հաւատացեալներով:
Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայերէնով ուղղեց իր հայրապետական պատգամը, որուն մէջ յայտնեց իր սէրն ու կարօտը հանդիպելու Եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ հաստատեց թէ հայ ժողովուրդը կենդանի Եկեղեցին է, որուն սիրտը կը բաբախէ հաւատքով եւ դիմադրողական ուժով: Ան նաեւ կոչ ուղղեց կառչած մնալու յոյսին եւ հաւատքով գործելու:
Արհի․ Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան այս առիթով իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց Ամենապատիւ Տիրոջ իր շնորհած այցելութեան եւ եկեղեցւոյ զաւակները գօտեպնդելուն համար։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, «Սուրբ Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Հայկ վրդ. Մակարեան խորհրդանշական յուշանուէր մը նուիրեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ անոր քահանայութեան յիսնամեակին առիթով: Ան յուշանուէր մը նուիրեց նաեւ Պաղտատի Հայ Կաթողիէ Թեմի նորընտիր առաջնորդ Արհի. Ներսէս Յովսէփ Եպս. Զապարեանին:

ՏԷՐ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՁԵՌԱՄԲ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՐ ՆԵՐՍԷՍ ՅՈՎՍԷՓ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆԻ

Կիրակի երեկոյեան, Հալէպի Ասորի Կաթողիկէ Աստուածամօր Վերափոխման աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայր Ներսէս Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Զապարեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան Պատարագը:
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մասնակցեցան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի զանազան անդամներ, որոնք ժամանած էին տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ շարք մը հոգեւոր հայրեր, քահանաներ ու սարկաւագներ:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․Աշգարեան , հոգեւոր պետեր, Պաղտատի Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ Սիւնհոդոսի անդամ Մար Եուսէֆ Ապա արքեպիսկոպոսը, որուն կ’ընկերակցէր պատրիարքութեան ընդհանուր համադրող մոնսինիոր Հապիպ Մրատ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Գէորգեան, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական Բաբգէն Պատալեան եւ հիւպատոսարանէն պատուիրակութիւն մը, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, Հալէպ նահանգի քարտուղար Ճորճ Պախխաշ, նահանգը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններու, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալներ:
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն ետք, Ճեզիրէի եւ Եփրատ շրջանի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Տէր Անդրանիկ Եպս. Այվազեան արտասանեց պատրիարքական թուագրուած նամակը՝ 27 Օգոստոս 2023-ին, որուն մէջ կոչ ուղղեց նորօծ եպիսկոպոսին, որ սրբութիւնը ստանայ ու պարգեւէ Պաղտատի Եկեղեցւոյ հաւատացեալ հոգիներուն եւ ձգտի զարգացնել առաքինութիւնները ու քաջալերել հաւատքն ու հետեւողական ըլլալ աղօթքին մէջ:
Իր կարգին, նորօծ եպիսկոպոսը խօսք առնելով անդրադարձաւ երկրի դիմագրաւած դժուար պայմաններուն մէջ հաւատացեալներուն հոգեւոր արժէքներն ու դիմադրողականութիւնը վառ պահելու եկեղեցւոյ դերին։
Այնուհետեւ, Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան փոխանցեց Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնը ու շնորհաւորանքը, զոր յայտնած էր Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ՝ արքեպիսկոպոս Գլաուտիօ Կուճերոթին։
Աւարտին, Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կղերական դասին, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումն ունեցան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան յաջողութեան ու կազմակերպման աշխատանքին մէջ, խնդրելով Աստուծմէ, որ նորօծ եպիսկոպոսին շնորհէ առողջութիւն եւ առատաձեռնութիւն, որպէսզի Պաղտատի վրայ կրէ յոյսի ջահը։