Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք Մինասեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։

Նահանգապետը ներկայացուց պատերազմի երկար տարիներէն եւ երկրաշարժի դժուար շրջանէն ետք Հալէպ նահանգին եւ Հալէպի ժողովուրդին իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, շեշտելով, որ աղէտալի պայմանները եւ անարդար շրջափակումը Սուրիոյ ժողովուրդին պայքարն ու կայունութիւնը ամրապնդեցին տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց։

Իր կարգին Ամենապատիւ Տէրը շեշտեց պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրերս ամրագրուած Սուրիոյ ժողովուրդին սիրոյ եւ համերաշխ գործակցութեան կարեւորութիւնը, դիտել տալով որ Սուրիան քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութեան եզակի օրինակ է։