Արցախէն ներս որոշակի հարցերու շուրջ տեսակէտներու տարբերութիւն կայ, բայց կայ նաև այդ դիրքորոշումները մերձեցնելու փափաք։ Այս մասին 30 Օգոստոսին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան։

«Ե՛ւ իմ կողմէ, և՛ խորհրդարանին կողմէ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի միասնական մթնոլորտ ստեղծելու՝ և՛ քաղաքական, և՛ հասարակական դաշտին մէջ, քանի որ իշխանութիւն-հասարակութիւն յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ գոյութիւն ունի ջրբաժան մը, որ պէտք է վերացնել», պարզաբանեց նա։

Իշխանեան յայտնեց, որ գոյութիւն ունի սահմանադրական փոփոխութիւններու միասնական փաթեթ, որուն Արցախը կը վերադառնայ աւելի ուշ։

«Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի՝ իմ կողմէ այս պաշտօնը ստանձնելու առաջարկը անմիջապէս չընդունուեցաւ, ներկուսակցական քննարկումներ եղան, այնուհետև խորհրդարանէն ներս ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ», ընդգծեց ան։

Խորհրդարանի նախագահը աւելցնելով ըսաւ, որ այս ընթացակարգերէն ետք առաջարկը ընդունուած է՝ բացատրելով, որ առանց քաղաքական համախոհութեան այս որոշումը չէր գոյանար։

Դէմ քուէարկած է միայն «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութիւնը, որուն ներկայացուցիչները Իշխանեանի հետ հանդիպումներուն ընթացքին, ըստ վերջինիս, բացատրած են իրենց դիրքորոշումը։

«Իմ թեկնածութիւնը առաջադրեց իշխող ուժը։ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ այսօր Արցախի մէջ չի ներկայացներ իշխող կուսակցութիւնը։ Ուստի ան պէտք է բոլոր կուսակցութիւնները յենարան համարէ՝ ըլլան անոնք ընդդիմադիր, թէ իշխանական», եզրափակեց ան։

Դաւիթ Իշխանեան ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ երէկ Ատրպէյճանի կողմէ Ակնայով «մարդասիրական» բեռ ուղարկելուն և յայտարարեց, որ մարդասիրական բեռի համար մէկ ճանապարհ գոյութիւն ունի՝ Լաչինի միջանցքը:

«Եւ այդ միջանցքով անխափան երթևեկութիւնը պէտք է վերականգնի: Ատիկա ամրագրուած է 9 Նոյեմբերին ստորագրուած փաստաթուղթով: Ինչ կը վերաբերի Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհի գործարկման ատրպէյճանական թէզին, ատիկա նորութիւն չէ: Շաբթուան ընթացքին ատրպէյճանական կողմը արևմտեան գործընկերներուն, ռուսական գործընկերներուն միջոցով փորձած է այդ մտադրութիւնը ներկայացնել և իրականութիւն դարձնել:

Ատրպէյճանի երէկուան քայլը մեզի համար հասկնալի է, նախ անընդունելի է։ Բաւական քննարկումներ եղած են, մեր հասարակութիւնը պէտք է իրազեկ ըլլայ, որ Արցախի իշխանութիւններու քննարկումները յանգել են այն եզրակացութեան, որ այդ ճանապարհի գործարկումը անընդունելի է մեզի համար շարք մը պատճառներով:

Պատճառներէն մէկը այն է, որ մենք ունինք մէկ ճանապարհ՝ Լաչինը, և մենք երկրորդ միջանցքի հասկացողութիւն մեզի համար պէտք չէ ամրագրենք: Ատրպէյճան, քաղաքական նպատակներ հետապնդելով, կը փորձէ աշխարհին ցոյց տալ, որ իրենք ներքին հարց ունին և Արցախի մարդասիրական ճգնաժամը չի կրնար առնչուիլ արտաքին աշխարհին հետ: Այս հարցը հասած է ՄԱԿ-ի ԱԽ», յայտնեց Իշխանեան։

Գաղտնիք չէ իմ կուսակցության վերաբերմունքը Հայաստանի իշխանութիւններու նկատմամբ, գաղտնիք չէ նաև իմ կուսակցութեան վերաբերմունքը մեր պետական հաստատութիւններուն, այս պարագային հարցը պէտք է դիտարկել ԱՀ ԱԺ-ի ներկայացուցիչի Հայաստանի ԱԺ-ին հետ ունենալիք յարաբերութիւններուն մէջ, ասուլիսի ընթացքին, պատասխանելով հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ իր յարաբերութիւնները հայաստանեան գործընկերոջ հետ՝ ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:

Ան վստահեցուց, որ միշտ ալ կողմ եղած է հաստատութենական յարաբերութիւններուն։

Ըստ Դաւիթ Իշխանեանի՝ այն յարաբերութիւններու դաշտը, որ հիմա ձևաւորուած է Արցախի ԱԺ-ի և Հայաստանի ԱԺ-ի միջև անընդունելի է։

«Անցեալ երկու տարիներուն, միջխորհրադարանական յարաբերութիւններ Արցախի և Հայաստանի խորհրդարաններուն միջև գրեթէ չկային, բաւարար չէին։ Այդ ամէնը բաւարար մակարդակի բարձրացնելու համար Ալէն Սիմոնեանի՝ իմ ընտրուելու կապակցութեամբ շնորհաւորանքը առաջին քայլն էր, որ մենք վերականգնենք այդ յարաբերութիւնները։ Այդ յարաբերութիւնները անձնական շրջագիծի մէջ պէտք չէ դիտարկել», նկատել տուաւ Իշխանեան։