Ուրախութեամբ կը ծանուցենք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին St. Nerses The Gracious and Church Unity (Ս. Ներսէս Շնորհալի Եւ Եկեղեցւոյ Միութիւնը) խորագիրը կրող աշխատասիրութեան վերահրատարակութիւնը լոյս տեսաւ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն:

Արդարեւ, 1974 թուականին, սոյն աշխատասիրութիւնը Վեհափառ Հայրապետը, երբ տակաւին վարդապետ էր, իբրեւ ծայրագոյն մագիստրոսի աւարտաճառ ներկայացուցած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական քոլէճին մէջ։

Գիրքին առաջին տպագրութիւնը հրատարակուած է 2010 թուականին: Նկատի ունենալով, որ գիրքը սպառած է եւ ներկայ տարին Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850 ամեակն է, Նորին Սրբութեան արտօնութեամբ, պատմական ու աստուածաբանական իւրայատուկ կարեւորութիւն ունեցող այս գիրքին երկրորդ տպագրութիւնը ահաւասիկ լոյս կը տեսնէ։

Աւելի քան 250 էջերէ բաղկացած Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գիրքը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր բաժիններէ: Առաջին բաժինին մէջ ԺԲ. դարու Կիլիկեան աշխարհին կրօնական ու պատմական խորքը ներկայացնելէ ետք, հեղինակը լայնօրէն կ՚անդրադառնայ Շնորհալիի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան՝ յոյն եկեղեցւոյ պատրիաքին եւ Բիւզանդիոնի կայսրին հետ եւ ապա՝ անոր աստուածաբանական, դաւանաբանական ու միջ-եկեղեցական տեսակէտներուն, ընդգծելով Ս. Ներսէս Շնորհալիի ամուր կեցուածքը հայ եկեղեցւոյ ուղղափառութեան նկատմամբ: Իսկ երկրորդ բաժինը կը բաղկանայ յիշեալ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան առնչուած դաւանաբանական գիրերէ, նամակներէ ու փաստաթուղթերէ, որոնք գրաբարէ թարգմանուած են անգլերէնի հեղինակին կողմէ: Գիրքը ունի նաեւ վերջաբան մը, ուր Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Ներսէս Շնորհալիի միջ-եկեղեցական ըմբռնումներուն լոյսին տակ, կը շեշտէ հայ եկեղեցւոյ մօտեցումը կարգ մը դաւանաբանական բնոյթ ունեցող խնդիրներուն գծով:

St. Nerses The Gracious and Church Unity խորագրեալ այս գիրքը կարելի է գնել այցելելով Կաթողիկոսարանի գրախանութը կամ կայքէջը՝ www.ciliciabookstore.com: