«2020 թուականի պատերազմէն վերջ դասակարգած ենք մեր առաջնահերթ հարցերը՝ կարգավիճակ, անվտանգութիւն, դիւանագիտութիւն, ժողովրդագրական, ընկերային վիճակ եւ այլն։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ անվտանգութիւնը մեզի համար թիւ մէկն է», այս մասին մամուլի ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեան։

Անոր համաձայն, նոյնիսկ Արցախի կարգավիճակին հարցը զիջած է դիրքերը անվտանգային հարցերուն, քանի որ ժողովուրդը ավս պահուն կարիք ունի անվտանգութեան երաշխիքի։

«Իսկ մեր անվտանգութեան երաշխիքները ո՞ւր էին, որո՞նք կ’ապահովէին. Բնականաբար, Արցախի պաշտպանութեան բանակը, Հայաստանը, իսկ 2020 թուականի պատերազմէն վերջ՝ ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը։

Հայաստանի պարագան մէկ կողմ ձգենք, ան իր անվտանգութեան երաշխաւորին դերը զիջած է կամ գրեթէ չեղեալ համարած է։ Ռուս խաղաղապահները այստեղ են, եւ գիտենք, թէ ինչ թիւակազմ ունին, նաեւ թէ այդ առաքելութիւնը ինչպիսի՛ դերակատարութիւն ունի։ Անշուշտ, մեզի համար հիմնական ու կարեւոր անվտանգութեան երաշխիքը կը մնայ Արցախի պաշտպանութեան բանակը։ Իսկ բանակի գործունէութեան հզօրացումը անհրաժեշտութիւն է, նաեւ կը բխի օրէնսդրական փոփոխութիւններէն ու նախաձեռնութիւններէն», յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան։