30 Օգոստոս 2023-ի յետմիջօրէին, հովուապետական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ՆԱԳՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքին գլխաւորած ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւն:

ՀՀ Հալէպի հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան խորին շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար՝ զայն բնութագրեց որպէս յիշարժան և պատմական, որովհետեւ Հալէպի մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութենէն ներս ցարդ պատիւ չէր ընձեռուած հիւրընկալելու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քահանայապետը:

Տանն Կիլիկիոյ ՆԱԳՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ի վեր մասնակից դարձած է կարևորագոյն նախաձեռնութիւններու եւ հաստատակամ է շարունակելու իր արգասաբեր առաքելութիւնը:

Հանդիպումին միտքեր փոխանակուեցան Հայրենիք-Սփիւռք փոխառնչութիւններու մասին և արծարծուեցան երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Քաղուած՝ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան դիմատետրի էջէն։