Չորեքշաբթի, 30 Օգոստոս 2023-ի առաւօտուն, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Պատրիարք Հայրը, Հալէպ կատարած հովուապետական իր այցելութեան ընթացքին, մասնաւոր այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան եւ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ընկերակցութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, եպիսկոպոս հայրերու եւ քահանայ հայրերու։
Պատրիարք Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը սիրալիր կերպով դիմաւորուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի Երեսփոխան եւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Ժիրայր Րէիսեանի, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներու, Ազգ. Վարչութեան անդամներու եւ անոր ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի, Ազգ. Կրօնական Ժողովի անդամներու եւ անոր ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի եւ Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեանի, Յարութ Չամիչեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեանի կողմէ: Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը եւ Ազգ. Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը:

Ազգ. Առաջնորդարանի մուտքին պաշտօնական ընդունելութիւն կատարուեցաւ ծաղկեփունջով եւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութեամբ, Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի երկու օրիորդներու տարազաւոր ներկայութեամբ:
Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Պատրիարք Հայրը նախ այցելելու Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր Հոգեւոր Տէրը շրջելով պատմական եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն մէջ, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած:
Սրբազան Հայրը ամփոփ կերպով բացատրութիւն տուաւ եկեղեցւոյ պատմականին եւ թանկարժէք սրբապատկերներուն մասին, անդրադառնալով յետ պատերազմին Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահին նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ կատարուած եկեղեցւոյ վերանորոգութեան եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եկեղեցւոյ վերօծման: Ներկաները Սրբ. Քառասնից Մանկանց պատմական արժէք ներկայացնող սրբապատկերին առջեւ միասնաբար աղօթեցին, հայցելով Ամենակալին պահպանութիւնը:

Այնուհետեւ, Պատրիարք Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հալէպ այցելութեան համար, յայտնելով, որ որպէս եկեղեցւոյ պետ իր ներկայութիւնը՝ նոր շունչ եւ ոգի պարգեւեց հալէպահայութեան եւ դժուարին պայմաններուն մէջ յուսադրեց, գօտեպնդեց եւ առաւել զօրացուց ժողովուրդի զաւակները: Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց նաեւ Պատրիարք Հօր ընկերակցող Առաջնորդ Սրբազան Հայրերուն, որոնք ժամանած էին Յունաստանէն, Եգիպտոսէն եւ Լիբանանէն:
Սրբազան Հայրը Թեմին անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց անոր:
Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, հայցելով, որ իր հովանիին տակ պահէ ու պահպանէ Հոգեւոր Տէրը, առողջութիւն եւ երկար կեանք պարգեւէ անոր, որպէսզի Քրիստոսի խօսքին համաձայն կարողանայ իր ուսերուն դրուած ծանր պարտականութիւնը քաղցրութեամբ յառաջ տանիլ: Մակար Սրբազան խնդրեց Պատրիարք Հօրմէ, որ իր հեղինակութիւնը բանեցնէ միջազգային շրջանակներու մէջ եւ իր ձայնը բարձրացնէ ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ, որպէսզի պատժամիջոցները վերացնեն Սուրիոյ վրայէն եւ Սուրիոյ ժողովուրդը իր բարօր վիճակին վերադառնայ:
Սրբազան Հայրը, Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով որպէս յուշանուէր արծաթեայ հայկական խաչ մը նուիրեց Պատրիարք Հօր, մաղթելով, որ այնպէս ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խաչին զօրութեամբ չարին շղթաները խորտակեց եւ յաղթանակ տարաւ մահուան վրայ, նոյնպէս ան իր կեանքին մէջ խաչին պահպանութեամբ եւ զօրութեամբ կարողանայ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ Ս. Խաչով յառաջ տանի պատրիարքական իր հոգեւոր կեանքի առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը: Սրբազան Հայրը պատուիրակութեան անդամներուն նուիրեց վերջերս հրատարակուած Կիպրիանոս աղօթագիրքէն օրինակներ:

Այցելութեան ուրախ առիթով, Պատրիարք Հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ան փառք տալով Աստուծոյ իր ուրախութիւնն ու եղբայրական սէրը յայտնեց Սրբազան Հօր եւ Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին։ Պատրիարք Հայրը մեծապէս գնահատեց Հալէպի համայնքապետերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան ոգին, յատկապէս հալէպահայ երեք համայնքապետերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրսիրութիւնն ու աշխատանքի կորովը, մաղթելով որ առաւել գործակցութեամբ շարունակուի հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն համար տարուող նուիրական աշխատանքը։
Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ նեղութիւններ եւ տառապանքներ կրած է, բայց ապագային նկատմամբ ունեցած յոյսով եւ հաւատքի զօրութեամբ կրցած է յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, նոյնպէս ներկայիս Աստուծոյ ողորմութեամբ, առաջնորդութեամբ եւ մեր ժողովուրդի պայքարունակ ոգիով վստահաբար դուրս պիտի գայ ներկայիս տիրող տագնապներէն։
Հոգեւոր Տէրը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելով խաչ մը նուիրեց Սրբազան Հօր, մաղթելով, որ Ամենակալին օրհնութեամբ եւ պահպանութեամբ շարունակէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Աւարտին, Ազգ. Առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը տեսակցելով այցելուներուն հետ, Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստացաւ: