Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց 2022-2023 տարեշրջանի երկրորդականի աւարտական կարգի՝ պաքալորիայի, գիտական, գրական եւ այլ բաժիններու վերաքննութիւններուն արդիւնքը։

Նախարարութեան տուեալներով, գիտական բաժինի յաջողութեան տոկոսը 77, 48%-է , իսկ գրականինը՝ 58, 83%։