ԶՈՎԱՆԱԼ՝ ՃՇԳՐԻՏ ՍՆՆԴԱՌՈՒԹԵԱՄԲ

Ամրան տաքէն պաշտպանուելու համար մասնագէտներ խորհուրդ կու տան հետեւիլ քանի մը կանոններու՝
1- կրել բնական կտորէ կարուած, բաց գոյնով, լայն հագուստներ,
2- օգտագործել արեւապաշտպան միջոցներ՝ գլխարկ, հովանոց, ակնոց, արեւապաշտպան քսուկներ,
3- սահմանափակել տան մէջ ելեկտրականութեան եւ կազի օգտագործումը,
4- սնունդին մէջ ներառել թարմ պտուղ եւ բանջարեղէն,
5- խմել մեծ քանակով ջուր եւ այլն:
Սնունդը որոշիչ դեր ունի այս իմաստով: Ստորեւ կը ներկայացնենք որոշ մթերքներ, զորս նախընտրելի է օգտագործել ամրան տաք եղանակին:
1- Սուրճ
Պէտք չէ չափազանցել սուրճի ու քաֆէին պարունակող այլ ըմպելիներու օգտագործումը, քանի որ քաֆէինը ունի միզամուղ յատկութիւն եւ կը հեռացնէ ջուրը մեր օրկանիզմէն։
Սուրճի օրական չափաբաժինը 400 միլիկրամ է, որ կարելի է ստանալ՝ 4 բաժակ արեւելեան սուրճ ըմպելով։ Յիշենք, որ քաֆէին կը պարունակեն նաեւ թէյը եւ զովացուցիչ  շարք մը ըմպելիներ։
2- Աղ
Ինչպէս քաֆէինը, այնպէս ալ աղը կը նպաստէ օրկանիզմէն ջուրի հեռացման։ Հետեւաբար զգուշացէ՛ք աղը չափազանցուած օգտագործելէն:
3- Շաքար
Ամրան տաքուն ծարաւը յագեցնելու լաւագոյն միջոցը ջուրն է, բայց շատեր կը նախընտրեն կազով ըմպելիներ, քաղցր օշարակի տեսակներ խմել։ Այս ըմպելիները թէեւ վայրկեանական հաճոյք կը պատճառեն, բայց կարճ ժամանակ անց կրկին ծարաւի զգացողութիւն կը յառաջանայ։
Նկատի ունեցէ՛ք նաեւ, որ ամրան խորհուրդ չի տրուիր օգտագործել  շատ կծու, չոր եւ իւղոտ սնունդ։
Հետեւեալ մթերքները կարելի է առատօրէն ներառել ամառնային ձեր սնունդին մէջ, որպէսզի ձեր մարմինը ջուրէ չզրկուի, զովութիւն զգաք եւ առոյգ մնաք.
Վարունգ
Վարունգին գրեթէ 96%-ը ջուր է, կը պարունակէ նաեւ կալիում, մակնիզիում, C եւ K կենսանիւթեր։ Վարունգը դիւրաւ կարելի է օգտագործել շարք մը աղցաններու մէջ: Իսկ եթէ կ’ուզէք յագեցնել ձեր ծարաւը, հարիչի մէջ դրէք վարունգը, անանուխի տերեւները եւ կիտրոնի հիւթը ու հարելով զանոնք զովացնող ըմպելի մը պատրաստեցէ՛ք։
Ձմերուկ
Ձմերուկը 92%-ով ջուրէ կը բաղկանայ, կը պարունակէ կալիում, մակնիզիում, A եւ C կենսանիւթեր։ Հաճելի է ամրան տաքուն ձմերուկը վայելել հացի եւ պանիրի համադրութեան հետ, ինչպէս նաեւ ձմերուկը քամել եւ հիւթը խմել։
Թթու պտուղներ
Նարինջը, թուրինջը, ինչպէս նաեւ կիտրոնը C կենսանիւթի աղբիւրներ են: Անոնք կը բարձրացնեն օրկանիզմին դիմադրողականութիւնը, կը բարելաւեն մաշկին որակը եւ կը նպաստեն երկաթի ներծծման։
Ջուրը համեղ դարձնելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը անոր քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցնելն է։ Իսկ նարինջը կարելի է դարձնել հետաքրքրական աղցաններու գլխաւոր բաղադրիչը։
Մածուն
Ամրան շոգ եղանակը մարսողական հարցերու ալ պատճառ կրնայ դառնալ, յատկապէս երբ մարմինի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ:
Այս պարագային օգտագործեցէ՛ք մածունը՝ պարզ կամ քաղցր:
Կանաչեղէն
Նախապատուութիւնը տուէ՛ք հազարին (95% ջուր), լոլիկին (93% ջուր), անանուխին, կանաչ եւ կարմիր պղպեղին եւ կանաչեղէնի այլ տեսակներուն։
Վայելեցէ՛ք ամառը, առողջապահական, համեղ ու թեթեւ սնունդ օգտագործեցէ՛ք եւ զինուեցէ՛ք կենսանիւթերու պաշարով։