ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՆԵՃՏԷԹ ԱՆԶՈՒՐԻ «ԿՈՏՐՈՒԱԾ ԽԱՉԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՆՈՐ ՖԻԼՄԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵՑԱՒ

Անզուր Ֆիլմարտադրութեան Ընկերութիւնը Դամասկոսի Ասատ Մշակոյթի եւ Արուեստի տան «Տրամա» պատկերասրահին մէջ «Կոտրուած Խաչ»-ը խորագիրով նոր ֆիլմին Սուրիոյ մէջ առաջին ցուցադրութիւնը կատարեց։
Ֆիլմին հեղինակն է Մահմուտ Ապտուլ Քարիմ, բեմադրիչը՝ Եազան Նեճտէթ Անզուր, իսկ վաւերագրողը՝ դոկտ. Մուհամէտ Քամալ ալ-Ճաֆա։ Ընդհանուր  պատասխանատուն եւ բեմադրութեան վերահսկողը հանրածանօթ բեմադրիչ, արուեստագէտ Նեճտէթ Անզուրն է։
Ֆիլմը կ’անդրադառնայ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Իտլիպ նահանգի գիւղերէն զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ քրիստոնեաներու բռնի տեղահանման ծալքերուն, Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութեամբ։ Վերջինիս ծրագիրը Միջին Արեւելքը քրիստոնեաներէն դատարկելն էր։
ՍԱՆԱ-ի հետ զրոյցի ընթացքին Նեճտէթ Անզուր կը շեշտէ, որ չկայ աւելի ողբերգական բան քան մարդ անհատը իր հողէն, միջավայրէն, յիշողութենէն ու հայրենիքէն պոկելը, ինչ որ պատահեցաւ այդ տարածքի 50 հազար քրիստոնեաներուն, որոնք սիրով ու խաղաղ գոյակցութեամբ կ’ապրէին սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն հետ։
Ապա աւելցնելով կ’ըսէ. «Ֆիլմը սկիզբ մըն է բոլոր իրողութիւնները, առանց խտրութեան, երեւան հանելու եւ քողազերծելու արեւմտեան ապատեղեկատուութիւնը սուրիական ողբերգութեան գծով։ Ողբերգութիւն մը, որ երկիր քանդեց եւ ողջ ժողովուրդ մը գաղթի, տնտեսական տագնապի մէջ խրեց։ Կը հաւատամ որ այս սկիզբը սուրիական պատկերը պիտի յստակացնէ ու նպաստէ Սուրիոյ միասնականութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին»:
***
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
————————–

ՈՃԱԲԱՆԸ ՅԱՅՏՆԱԾ Է 2023-Ի ԱՇՆԱՆ ՏԻՐԱԿԱՆ ԳՈՅՆԸ

Ռուս ոճաբան Ալեքսանտր Ռոքով յայտնած է, որ 2023-ի աշնան տիրող հիմնական գոյնը կարմիրն է: Այս տեղեկութիւնը գրած է իր անձնական Telegram-ի ալիքին վրայ։
«Աշունը եկած է։ Ինչպէս կանանց, նոյնպէս ալ տղամարդոց կերպարներուն մէջ կարմիրը նոյնքան   կիրարկուող գոյն պիտի դառնայ», գրած է փորձագէտը:
Ռոքով հրապարակած է աստղերու եւ մոտելներու լուսանկարներու ընտրանի մը՝ կարմիր հագուկապով։
***
Խոհագիր
————-

ԱՐՄԱՒՈՎ ԳՆԴԱԿՆԵՐ

(Առողջապահական քաղցրեղէն)

Բաղադրութիւն
-1/4 քիլօ արմաւ (կորիզը հանուած)
-250 կրամ ճերմակ շուշմայ
-250 կրամ գետնանուշ (պիստակ)
-250 կրամ հալած տուրմ
– 4 դգալ մեղր
Պատրաստութիւն
Կրակի վրայ, տապակի մը մէջ խարկել գետնանուշը, ապա շուշման ու մէկ կողմ դնել։
Հարիչին մէջ դնել կորիզը հանուած արմաւը եւ կամաց-կամաց հարել, ապա հանգրուանաբար աւելցնել խարկուած  գետնանուշն ու շուշմային կէսը, քիչ մը հարելէ ետք աւելցնել մեղրը ու հարել մինչեւ որ միատարր զանգուած մը ըլլայ։
Ապա զանգուածը շաղել եւ հաւասար գնդիաներու վերածել, իւրաքանչիւրը թաթխել շուշմային, յետոյ իւրաքանչիւր գնդակին մէջտեղը փոսիկ մը յառաջացնել ու մէջը լեցնել հալած տուրմը։ Պահել սառնարանը։
Արմաւով գնդակները պատրաստ են, կրնաք զանոնք զարդարել մանրուած ընկոյզով կամ նուշով։
Բարի ախորժակ։