Հասիչէի Ջուրի Ընկերութիւնը յայտնեց, որ «Ալուք» ջրամուղ կայանը բանիլ սկսաւ եւ կայուն վիճակի մէջ է, որուն հետեւանքով Հասիչէի հարաւային շրջաններուն ջուրը հասանելի դարձաւ։

Ընկերութեան տնօրէն երկրչփ. Մուհամէտ Օսման յայտնեց, որ նորոգութեան աշխատանքները ամբողջանալէ ետք կայանը իր սովորական կարողութեամբ կ՚աշխատի, աւելցնելով, որ ընկերութիւնը ջուրի ոդոշ ժամերու անջատման յարմար ծրագիր մը պիտի ճշդէ, որպէսզի ջուրը հասանելի դառնայ բոլոր շրջաններուն։

Յիշենք, որ «Ալուք» ջրամուղ կայանը կը գտնուի Ռաս ուլ Այնի թրքական ուժերուն հսկողութեան տակ առնուած շրջանին մէջ։ Ան աշխատանքէ դադրած էր չորս ու կէս ամսուընէ ի վեր, որովհետեւ զինեալներ կը կանխէին ջուրին կայան մուտքը եւ կը խափանէին նորոգութեան աշխատանքները։