Դամասկոսի Պետական Համալսարանէն ներս ընթացք առաւ Լատինական Ամերիկայի պետութիւններու Արաբական Հաստատութիւններու Միութեան 50-րդ խորհրդաժողովը, որպէս զօրակցութիւն Սուրիոյ՝ իր դիմագրաւած ահաբեկչական պատերազմին եւ տնտեսական պատժամիջոցներուն լոյսին տակ։

Եռօրեայ խորհրդաժողովի մասնակիցները պիտի քննարկեն հայրենիքը պաշտպանելու եւ անոր նպաստելու արտերկրի սուրիացիներու դերակատարութիւնը։

Խորհրդաժողովին կը մասնակցին գաղթականներու յատուկ հաստատութիւններու նախագահներ, անդամներ եւ Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն մէջ արաբական մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներ։

Բացման իր խօսքին մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ խօսք առնելով ըսաւ. «Սուրիան իրեն զօրակցող ուժերուն կողքին կը կանգնի՝ միասնաբար հիմնելու նոր աշխարհ մը, ուր պիտի տիրէ արդարութիւն, պիտի յարգուին միջազգային օրէնքն ու ՄԱԿ-ի պայմանագրութիւնը, ուր նաեւ վերջ պիտի գտնեն բռնատիրութիւնն ու ոտնձգութիւնը»։
Նախարար Մըքտատ յայտնեց, որ սուրիական հողեր թափանցած ամերիկեան եւ թրքական բռնատիրութիւնները, Սուրիոյ հարստութիւններու թալանն ու զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու աջակցութիւնը վերջ պիտի գտնեն շնորհիւ Տէր Զօրի, Հասիչէի, Ռաքքայի եւ այլ շրջաններու մէջ մեր հզօր ժողովուրդի պայքարին։
Անդրադառնալով Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերականգնումին, Մըքտատ շեշտեց, որ Թուրքիոյ սուրիական հողերէն դուրս գալը նման վերականգնումի հասնելու միակ միջոցն է։
Ապա եզրափակելով ըսաւ, որ ԱՄՆ մէկ կողմէ զօրակցութիւն կը յայտնէ թրքական ուժերու, միւս կողմէ անջատողական խմբաւորումներու՝ Սուրիոյ պետութիւնը կազմաքանդելու յստակ միտումով։