Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ ցաւակցագիր յղեց Մարոքեան Թագաւորութեան արտաքին հարցերու, ափրիկեան գործակցութեան եւ արտերկրի մէջ մարոքցիներու հարցերու նախարար Նասէր Պորիթային՝ 9 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտեան Մարոքը ցնցած երկրաշարժին տխուր առիթով, որուն հետեւանքով հարիւրաւոր զոհեր արձանագրուեցան եւ երկիրը ահաւոր քանդումի ենթարկուեցաւ։

Նախարար Մըքտատ Մարոքին Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցութիւնը յայտնեց տեղի ունեցած աղէտին լոյսին տակ, խնդրելով Ամենակալէն ողորմութիւն երկրաշարժի զոհերուն հոգիներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում վիրաւորներուն։

Նախարար Մըքտատ վստահեցուց, որ Մարոք պիտի շրջանցէ այս աղէտը եւ վերականգնէ երկրաշարժին հետեւանքով տեղի ունեցած քանդումները։

Յիշենք, որ Ուրբաթ, 8 Սեպտեմբերին, Մարոքի Մարաքէշ քաղաքին մօտակայքը ցնցած 7 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժին հետեւանքով ցարդ 2012 զոհ եւ 1404 վիրաւոր արձանագրուած են։

Երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուած է