Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղի վարչութիւնը 25, 26 եւ 27 Օգոստոս 2023-ին, Տերիքի մէջ կազմակերպեց «Ես Ալ Կամ» խորագիրը կրող եռօրեայ համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեզիրէի երեք շրջաններէն՝ Գամիշլիէն, Հասիչէէն եւ Տերիքէն, յիսունէ աւելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ։ Համագումարին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ Ռիթա Տէր Սարգիսեան։

Սոյն համագումարին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել երիտասարդութեան ինքնութիւնը, ինքնավստահութիւն ներշնչել անոր, շեշտել անոր դերակատարութիւնը ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Ճեզիրէի երեք շրջաններուն մէջ առիթ ստեղծել երիտասարդներու ծանօթացման ու համագործակցութեան։

Ծրագիրը պարունակեց դաստիարակչական շահեկան յայտագիր, պատրաստուած Համազգայինի Վարչութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանին կողմէ, որուն ընդմէջէն ստեղծուեցաւ ընկերային հաճելի եւ առողջ մթնոլորտ մը։

Առաջին օրուան ընթացքին յաջորդաբար տեղի ունեցան երկու դասախօսութիւններ, զորս ներկայացուցին Ռիթա Տէր Սարգիսեան եւ Մանօ Դաւիթեան, նիւթ ունենալով «Երիտասարդն Ու Իր Ներկայութիւնը Ազգամիութենական Կեանքէն Ներս», իսկ երկրորդը՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան՝ «Ես Ալ Կամ Եկեղեցւոյ Կեանքին Մէջ» խորագիրով։

Աւելի ուշ, Քրիստ Միքայէլեանի եւ Մանօ Դաւիթեանի շնորհիւ ստեղծուեցաւ «karaoke»ի հաճելի մթնոլորտ, որ մեծապէս խանդավառեց ներկաները։
Երկրորդ օրը իրագործուեցաւ օգտակար միեւնոյն ատեն հաճելի յայտագիր, որ սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, որուն յաջորդեցին «Հայ Երիտասարդին Ներկայութիւնը Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւններէն Ներս» եւ «Երիտասարդն Ու Բարոյագիտութիւնը» խորագրերը կրող զոյգ դասախօսութիւններ, որոնք յաջորդաբար ներկայացուեցան վարչութեան անդամ Յակոբ Պարսումեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեանի կողմէ։ Ապա տեղի ունեցան աւազանագնացութիւն եւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք խաղավայրի եւ ուխտավայրի այցելութիւններ, որոնց ընթացքին Դալար Տօնապետեան ներկայացուց դաստիարակչական բովանդակութիւն ունեցող խաղեր։

Համագումարը իր եզրափակիչ աւարտին հասաւ Կիրակի, 27 Օգոստոս 2023-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, որ մատուցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի կողմէ։ Այնուհետեւ, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամը Համագումարին առիթով շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական ներդրում ունեցան յաջողցնելու սոյն համագումարը, յատկապէս համագումարին նախագահող Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանին, որ անխնայ ճիգ թափեց ի սպաս համագումարի յաջողութեան։ Ան երիտասարդութեան մաղթեց առաւել ուղղամտութիւն եւ կորով, որպէսզի շարունակէ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել համայնքի կեանքէն ներս։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան