ԱՇԱԿԵՐՏ, ԾՆՈՂՔ ԵՒ ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տան մէջ ձեր զաւակներուն հետ, երբեմն իրենց համահաւասար, դպրոցական տնային պարտականութիւններ կատարելը ընդհանրացած երեւոյթ դարձած է: Ծնողներ կարծէք պայքարի մտած են իրենց զաւակներուն  հետ այս աշխատանքին շուրջ։ Դժբախտաբար, երբեմն այս հետապնդումը կամ հսկողութիւնը կը վերածուի պարտադրանքի եւ անբաղձալի սովորութիւն կը զարգանայ մեր զաւակներուն մօտ։ Այլ խօսքով՝ մենք չափազանցուած հսկողութեամբ մեր զաւակները կը զրկենք կարեւոր հմտութենէ մը՝ ինքնուրոյն դառնալէ:
Յաճախ ծնողներ իրենց չափազանցուած հսկողութիւնը կը պատճառաբանեն  ըսելով, որ եթէ չհսկեն տնային պարտականութիւններու կատարման եւ դասերու պատրաստութեան, եթէ խիստ չըլլան, իրենց զաւակները անպատասխանատու  եւ ծոյլ կը դառնան։
Մինչդեռ ծնողներ պէտք է ամէն ջանք թափեն իրենց զաւակները ինքնուրոյն աշխատանքի վարժեցնելու։
Մեր պատանիներուն սորվելու, պարտականութիւնները ինքնուրոյն կատարելու գիտակցութիւնը ձեւաւորելու համար կ’առաջարկենք հետեւեալները.
1. Զարգացուցէ՛ք եւ խրախուսեցէ՛ք տնային պարտականութիւնները առանձին կատարելու իր ճիգերը: 
Թոյլ տուէք որ ձեր զաւակը ի՛նք նայի դասացուցակին, ի՛նք ճշդէ ընելիքները, դասաւորէ պարտականութիւններու կատարման ժամանակն ու ձեւը, ստուգէ թելադրուած պարտականութիւնները եւ ի՛նք շտկէ պայուսակը յաջորդ օրուան դասերուն համաձայն։ Դուք մի՛ աշխատիք իրեն փոխարէն։
2. Աստիճանաբար զարգացուցէ՛ք իւրովի աշխատելու հմտութիւնը: 
Այնպէս ինչպէս նորածինը չի կրնար անմիջապէս քալել եւ վազվզել, այլ ձեր հետեւողական աջակցութեամբ կը յաջողի զարգացնել իր քայլերը, նոյնպէս ալ դպրոցական օրերուն զինք պիտի վարժեցնէք աստիճանաբար, քայլ առ քայլ կատարել իր պարտականութիւնները, դուք պարզապէս զօրավիգ պիտի կանգնիք իրեն ու սորվելու մթնոլորտ ստեղծէք տան մէջ, մերթ ընդ մերթ օգնելով իրեն, մինչեւ որ վարժ դառնայ առանձին սորվելու իր դասերն ու կատարելու պարտականութիւնները։
3. Օգնեցէ՛ք անոր որ ունենայ սորվելու յատուկ վայր եւ տեղ
Օրուան ընթացքին վարժեցուցէ՛ք ժամեր սահմանել դաս սորվելու՝ համաձայն իր տրամադրութեան եւ ձեր տան մթնոլորտին։ Յատկացուցէ՛ք նաեւ սորվելու յատուկ վայր, անկիւն, որ հեռու ըլլայ աղմկոտ սենեակներէ եւ խանգարիչ ազդակներ չունենայ, ինչպէս՝ պատկերասփիւռ, բջիջային հեռաձայն, խաղալիքներ եւ այլն։
4. Երկխօսութիւն կատարեցէ՛ք դպրոցին հետ։
Ծնողները պէտք է մերթ ընդ մերթ հանդիպում ունենան իրենց զաւկին ուսուցիչներուն հետ, որպէսզի ստուգեն անոր ընթացքը եւ ուսուցիչէն եւս խնդրեն, որ զարգացնէ ինքնուրոյն աշխատելու անոնց ունակութիւնը։
5. Օգնեցէ՛ք ձեր զաւկին, երբ ան ձեզի դիմէ։
Ինքնուրոյն աշխատիլ չի նշանակեր, որ  ձեր զաւակը պէտք է զրկել ձեր օգնութենէն: Պատանիին մտքին մէջ մերթ ընդ մերթ կրնան յառաջանալ հարցեր, որոնց լուծման համար ձեզի կը դիմէ։ Նման պարագաներու օգնեցէ՛ք անոր եւ փորձեցէ՛ք իմանալ թէ ինչո՛ւ չէ կրցած լուծել պարտականութիւնը։ Եթէ որոշ տեղեկութիւններու պակաս ունի, տրամադրեցէք անոր պէտք եղածը, եթէ որոշ դասեր չէ հասկցած՝ բացատրեցէ՛ք ու պարզաբանեցէ՛ք։
6. Չմոռնա՛ք ազատ ժամ տրամադրել անոր։
Ձեր զաւակներուն օդի եւ ջուրի չափ անհրաժեշտ է խաղի կամ այլ զբաղումներու ժամանակ տրամադրելը։ Պատանին իր յոգնութիւնը թօթափելու եւ հանգստանալու համար կարիք ունի խաղի եւ զբաղումի։ Ազատ ժամերէ, ընկերային միջավայրէ եւ այլ զբաղումներէ մի՛ զրկէք ձեր զաւակը, որպէսզի ուսումը բարդոյթի չվերածուի։