Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան ԱռաջնորդԳերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ընդհանուր պատասխանատու Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, ղեկավարութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ քահանայ Պէրպէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Կիրակնօրայ դպրոցներու ուսուցչաց կազմին, Ս. Ներսէս Շնորհալիի Վախճանման 850-ամեակին առիթով, 29, 30, 31 Օգոստոսին եւ 1 Սեպտեմբերին, Թարթապ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ շուրջ 100 աշակերտներու, տեղի ունեցաւ Ճեզիրէ երեք շրջաններու Գամիշլիի, Տէրիքի եւ Հասիչէի Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտական ճամբար։ Ճամբարին ընթացքին,
Հոգշ. Տէր Արմէնին եւ Արժ. Տէր Պսակին ցուցմունքներուն հետեւելով, աշակերտները սորվեցան Ս. պատարագի երգեցողութիւնը Կոմիտասեան տարբերակով, նաեւ ուսուցչաց կազմի կողմէ պատրաստուած բծախնդիր դաստիարակչական ծրագիրին ընդմէջէն սորվեցան սաղմոսներ եւ աղօթքներ քաղուած Ս. Շնորհալիի հարուստ վաստակէն, որուն կենսագրական գիծերուն ծանօթանալով խորապէս տպաւորուեցան։ Անոնք զինուեցան դաստիարակիչ խրատներով, ունկնդրելով հայր Արմէնին քարոզները եւ հետեւելով դաստիարակչական տեսահոլովակներու։

Աշակերտութիւնը օգտաշատ դասապահեր ունեցաւ մասնակցելով պատրաստուած հարց պատասխանի մրցումներուն եւ պատի թերթերու եւ ձեռային աշխատանքներուն, իսկ հաճելի պահեր՝ դաշտային, ջրային խաղերով ու աւազանագնացութեամբ։

Ճամբարը եզրափակուեցաւ Սրբազան Հօր օրհնաբեր այցելութեամբ։ Մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, ներկայութեամբ ծնողներուն հոծ բազմութեան եւ երգեցողութեամբ բանակումի աշակերտներուն։ Սրբազան հայրը մեծապէս ողջունեց ներկաները, ապա իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց անմիջական ներդրումը ունեցան յաջողցնելու համար սոյն ճամբարը, որ խորքին մէջ աստուածահաճոյ մեծ առաքելութիւն մըն է եւ դժուար ու ծանր պատասխանատուութիւն։

Աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խարոյկի լուսաւորումը։ Հուսկ, Ս. Գէոորգ Զօրավարին մասունքով կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն:

Ռիթա Տէր Սարգիսեան – Կարապետեան