Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 10 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։
Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամին մէջ պարզաբանեց օրուան աստուածաշնչական հատուածը՝ համր եւ խուլ մարդուն բժշկութիւնը (Մր 7.31-37)։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հաւատացեալները անսալու Տիրոջ քաղցր հրաւէրին եւ որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ աղօթելու իրենց շրջապատին մարմնաւոր եւ հոգեւոր բժշկութեան համար, խնդրելով, որ Ամենակալը բանայ մեր ականջն ու լեզուն, որպէսզի ճշմարտութիւնը խօսինք եւ վկայենք Քրիստոսի մասին։
Մակար Սրբազան աղօթեց, որ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը ստանալով փշրենք մեր եսը եւ խոնարհութեամբ մօտենանք Տիրոջ Սուրբ Սեղանին, խնդրելով, որ մեր շրջապատը, հայ եւ արաբ ժողովուրդները պահէ պահպանէ եւ անարդարութիւնն ու բռնատիրութիւնը հեռացնէ։

Պատարագէն ետք, Տարօն-Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ներկայութեամբ միութեան հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ։
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Միութեան Վարչութիւնը Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ ցաւակցութիւնները ընդունեց եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս, ուր Տիկնաց յանձնախումբը պատշաճ հիւրասիրութիւն կատարեց։