Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին առիթով օրհնաբաշխ այցելութիւն տուաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետ երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեանի, Ճեմարանի տնօրէնուհի տիկ. Զեփիւռ Րէիսեանի, պետական տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։
Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ երկրչփ. Յարութ Աւընեան։

Ճեմարանի տնօրէնուհի տիկ. Զեփիւռ Րէիսեան արտասանեց բարի գալուստի խօսք մը, որուն ընդմէջէն ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ վերամուտին առիթով իր օրհնաբաշխ այցելութեան եւ հայրական հոգածութեան համար։

Մակար Սրբազան իր սրտի խօսքը փոխանցելով, Ճեմարանի աշակերտութեան եւ ողջ անձնակազմին իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց, մաղթելով, որ անփորձանք, արդիւնաւէտ եւ բարեյաջող տարեշրջան մը դիմաւորեն։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ուսուցչական եւ վարչական կազմին հետ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ։ Ան գնահատեց նուիրումով ծառայող ուսուցիչները, քաջալերեց, գօտեպնդեց եւ առաւել ուժ եւ կորով մաղթեց անոնց, որպէսզի մեծ սիրով շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը, գիտութեան լոյսը վառ պահելով աշակերտներուն մէջ։
Ապա, Սրբազան Հայրը Ճեմարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան գրասենեակէն ներս, գնահատեց անոնց աշխատանքը եւ նոր յաջողութիւններով լեցուն տարեշրջան մը մաղթեց։