ՀԱԼԷՊԻ ԳՈՑ ՇՈՒԿԱՆ

Հալէպի ամէնէն հին ու հետաքրքրական վայրերէն մէկն է Ներսի Շուկան կամ Գոց Շուկան: Արեւելեան բոլոր քաղաքներու մէջ Կ. Պոլիսէն յետոյ Հալէպն է, որ օժտուած է կեդրոնական գոց շուկայով մը: Այս շուկան խորհրդանիշն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր գրաւած առեւտրական դիրքին եւ հնաւանդ համբաւին, որ ունեցած է Հալէպը հինէն ի վեր։ Այդ շուկան Հալէպի մէջ որպէս արտածելի եւ ներածելի ապրանքներու ցուցադրման կեդրոն եղած է: Այս տեղէն է որ Ժամանակին  Եւրոպա, Ասիա եւ Ափրիկէ արտածուած են երկրին բերքերն ու ձեռային արտադրութիւնները:

Իբրեւ առեւտրական ընդարձակ գործառնութեան կեդրոն, Հալէպը եղած է կարաւանային մեծ քաղաք մը, այդ հանգամանքը աւելի շեշտուած է երբ կարաւանային քաղաքները , սուրիական ընդարձակ անապատի վաճառաշահ ովասիսները, Փեթրա, Ճերաշ, Փալմիր, Տուրա ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց կարեւորութիւնը եւ անհետացած:
Հալէպ անապատային առեւտուրի գերազանց քաղաքն էր: Ուղտերու անվերջ կարաւանները շատ հին դարերուն Բաբելոնի եւ Եգիպտոսի մէջ պակսող ապրանքներ կը փոխադրէին, ապրանքներ՝ որոնք կեանքի անհրաժեշտ պէտքերը եւ շռայլութեան ու պերճանքի նիւթերն էին։ Դարեր ետք սկսան միեւնոյն ծրագիրով ու նոյն ճանապարհով Կապադովկիայէն, Իրանէն, Հնդկաստանէն ու մինչեւ հեռաւոր Չինաստանէն ամէն տեսակի համեմներ, անուշահոտեր եւ այլն փոխադրել Հալէպ ու փոխարէնը դա՜րձեալ Հալէպի մէջ ստանալ եւրոպական երկիրներէ հոս հասած ու տեղւոյն շուկաներուն մէջ վաճառուած արտադրութիւններ, ինչպէս մետաղագործութեան առարկաներ, որսի եւ պատերազմի զէնքեր, ապակեղէն, մետաքսեղէն գործուածք… եւ այլն: Արեւմտեան ու արեւելեան երկիրներու կարաւաններու  առեւտուրը ժամանակի ընթացքին հետզհետէ կը բարգաւաճէր  եւ աւելի կը կազմակերպուէր։
Այս կարաւաններն էին, որոնք իրենց հետ փոխադրած զանազան ցեղի ու կրօնի պատկանող վաճառականներով ու  այլազան ապրանքներով  ճոխութիւն ու շքեղութիւն մտցուցին Հալէպի մէջ, զայն վերածելով Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքակրթեալ եւ վաճառաշահ կեդրոններէն մէկուն:
Հալէպ իր հարստութիւնն ու կարեւորութիւնը կը պարտէր կարաւաններու միջոցաւ կատարուած վաճառականութեան, ըլլալով երթեւեկութեան բանուկ քաղաք մը:
Առեւտրական այս բոլոր շարժումներուն արտածման եւ ներածման կեդրոնը Հալէպի շուկան էր, սկիզբները բաց եւ միակ շարքով մը եւ ԺԶ-րդ դարուն վերածուած գոց շուկայի մը, ապահովութեան տակ առնելու ապրանքներու հսկայ եւ այլազան մթերք մը: Հալէպ տաք քաղաք մը ըլլալուն, գոց շուկաներու մէջ ամրան երկար օրերուն արեւուն կիզիչ ջերմութենէն ազատ մնալը հաճելի էր: Նմանապէս  աշնան սկիզբէն մինչեւ ամրան սկիզբը գրեթէ վեց ամիս անընդհատ տեղացող յորդ անձրեւները  արգելք են թէ՜ ծախողներուն եւ թէ՜ գնողներուն համար:
Հալէպի Գոց Շուկան կը գտնուի Մետինէ թաղին մէջ, ֆրանսական նախկին Հիւպատոսարանի եւ Շպէնի նախկին մայր եկեղեցիին կից նոյնպէս նախկին Ֆրանչիսկեան մանչերու դպրոցին միջեւ ու մէկ կողմէն երկարելով Անտիոքի Դուռ ու մինչեւ Բերդ, իսկ միւս կողմէն հասնելով մինչեւ Պապ ան-Նասր:
Ամբողջութիւն մը ձեւացնող այս շուկան խանութներու երկար ու բազմաճիւղ շարք մըն է, կամարածածկ ու երբեմն փայտէ առաստաղներով: Բոլորն ալ իրարու կից եւ դէմ դիմաց շարքով, լաւ սալայատակուած եւ բաւական մաքուր փողոցներու վրայ:
Հալէպի Գոց Շուկան ժամանակի ընթացքին աւելի մաքուր եւ կամարներու վրայ բացուած օդամուտներով բաւարար օդ եւ արեւ ունէր: Ան վաճառքի նիւթերու բաժանումներ ունէր. ոսկերիչներու՝ ուր բաւական հայ ոսկերիչներ կային, կերպասեղէններու, պարկերու եւ չուաններու, համեմներու, կօշիկներու եւ ամէն տեսակի սննդեղէններու: Հալէպի ժողովուրդին միջին դասակարգը, քրիստոնեաները, հրեաները եւ մասնաւորաբար իսլամները, կը նախընտրեն իրենց գնումները Ներսի Շուկայէն կատարել, նոյնիսկ միսն ու բանջարեղէնները, որովհետեւ հոն թէ՛ աժան կ’ըլլան թէ՛ մաքուր, եւ շուկային մուտքն ալ միշտ խճողուած կ’ըլլայ:
Ափսոս, որ այս Գոց Շուկան, Հալէպի մշակոյթը ներկայացնող կարեւոր կեդրոններէն մէկը, քանդուեցաւ պատերազմի տարիներուն։ Ներկայիս մասամբ մը վերանորոգուած եւ վերականգնած է:
Սուրիոյ Հնութիւններու Տնօրէնութիւնը, գործակցաբար Զբօսաշրջութեան Տնօրէնութեան հետ, մտադրած է ամբողջովին վերականգնել ու կրկին իր հմայքին ու արժէքին տիրացնել այս կեդրոնը, որովհետեւ ան ոչ միայն տնտեսական, այլեւ զբօսաշրջային հիմնական վայր մը կը համարուի։
Համադրեց
Սոնա Պօղոսեան- Տարաքճեան