ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակի Կառավարական գործերու ղեկավար Թերեզա Երեմեան Alpha News-ի հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ ծերակուտական Մենենտեսի նախագահութեամբ Արցախի շրջափակման հարցին շուրջ լսումները։
Ան կարեւոր համարած է այն, որ ծերակուտականնեդը յստակօրէն խօսած են Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամին մասին, ինչպէս նաև այս իրավիճակին մէջ ԱՄՆ-ի դերակատարութեան մասին։
Շեշտուած է, որ ԱՄՆ-ն պարտաւոր է վերահսկել այս պահուն տեղի ունեցածը, խօսուած է 907-րդ բանաձեւը կիրարկելու անհրաժեշտութեան մասին։
«ԱՄՆ նախ պէտք է դադրեցնէ զէնքի տրամադրումը Ատրպէյճանին։ Բազմիցս հեռաձայնած ենք Ատրպէյճան և ըսած, որ պէտք է բանալ Լաչինի միջանցքը։ Մենք բոլորս համամիտ ենք, որ Լաչինը պէտք է բացվի։ Ատրպէյճան անընդհատ նոր պահանջներ կը դնէ սեղանին, բայց մենք պէտք է պնդենք, որ որևէ այլ ճանապարհ չի կրնար այլընտրանք դառնալ արցախահայութեան համար։ Մէկ ճանապարհ պէտք է բացուի` այդ ալ Լաչինի միջանցքն է՝ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը», քննարկման ընթացքին հնչած տեսակէտները փոխանցելով ըսած է Երեմեան։