6 Սեպտեմբերին ԱՄՆ Քոնկրէսի Թոմ Լանտոսի անուան մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցած են Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային իրավիճակի մասին քոնկրէսական լսումներ, որոնց մասնակցած է նաեւ Միջազգային Քրէական Դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիզ Մորենօ Օքամփօն, որ ԱՄՆ նախագահ Պայտընը մեղադրած է Արցախի 120․000 տեղաբնիկ քրիստոնեայ հայերու ցեղասպանութեան մեղսակցութեան յանցանքով։ Օքամփօ նաեւ նկատած է, որ նախագահ Պայտըն կամ պետական քարտուղար Պլինքըն կրնան Ալիեւէն պահանջել անմիջապէս եւ անվերապահօրէն վերացնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, այլապէս Ալիեւը համարեն ցեղասպանութեան պատասխանատու, որ, անշուշտ, բազմաթիւ հետեւանքներ կ’ունենայ։
Օքամփօ հանգամանօրէն հակադարձած է այն փաստարկներուն, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կրնան խոչընդոտուիլ, եթէ Արցախի մէջ իրականացուող քաղաքականութիւնը պատշաճ կերպով բնութագրուի իբրեւ ցեղասպանութիւն՝ նկատի առնելով Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի 260-օրեայ շրջափակումը: «Բանակցութիւնը ցեղասպանին եւ անոր զոհերուն միջեւ է։ Դուք չէք կրնար բանակցութիւններ հայցել Հիթլերի եւ Օսվենցիմի մէջ գտնուող մարդոց միջեւ: Ատիկա բանակցութիւն չէ։ Դուք պէտք է դադրեցնէք օսվենցիմը, ապա քննարկէք բանակցութիւնները: Եւ կը կարծեմ, որ այստեղ է գաղտնիքը։ Նկատի առնելով, որ նախագահ Ալիեւ ցեղասպանութիւն կ’իրականացնէ եւ կը փորձէ ժխտել ցեղասպանութիւնը, հետեւաբար ալ ցեղասպանութիւնը ժխտելու ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը կրնայ մեղսակցութիւն համարուիլ», յայտարարած է Օքամփօ։
Արձագանգելով միջազգային իրաւունքի հեղինակաւոր մասնագէտին՝ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Այսօրուան լսումները նախագահ Պայտընի եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեցին այն հանգամանքին վրայ, որ համաձայն ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին համաձայնութեան ոգիին եւ տառին, ան մեղսակից է Արցախի 120․000 բնիկ քրիստոնեայ հայերու դէմ Ատրպէյճանի ծրագրած ցեղասպանութեան»։