Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Վերացման Սրբոյ Խաչին տօնը, որ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է եւ խաչին նուիրուած չորս տօներէն մեծագոյնն է։
Արդարեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ, Խաչվերաց տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։
Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամին մէջ պարզաբանեց Խաչվերաց տօնին խորհուրդը, դիտել տալով, որ Քրիստոս Խաչին ճամբով մեղքը խորտակեց, մահը խափանեց եւ կեանքի ու յոյսի բոյրը տարածեց մարդկութեան մէջ։
Մակար Սրբազան հաւատացեալներուն պատուիրեց, որ Աստուծոյ եւ մարդոց հետ իրենց յարաբերութիւնները հիմնեն անշահախնդիր սիրոյ, ողորմութեան եւ ծառայութեան վրայ, որոնք մեզի կը փոխանցուին Խաչին եւ Խաչեալին ճամբով։
Սրբազան Հայրը Ս. Խաչին առաջնորդութիւնը խնդրելով աղօթեց՝ ողջ աշխարհին, Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի եւ բոլոր մեծամեծներուն համար, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթքի եւ ապաշխարութեան ճամբով զգաստանալու եւ վերականգնելու իրենց հաւատքը, որպէսզի Աստուած Ս. Խաչին զօրութեամբ հրաշքներ գործէ մեր կեանքէն ներս։
Յընթացս Ս. Պատարագին, Սրբազան Հայրը աւանդաբար ռեհանի օրհնութիւն կատարեց։ Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Խաչի թափօր եւ անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին աշխարհի չորս ծագերը օրհնուեցան։
Հաւատացեալները, հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, Ս. Խաչին ներգործող զօրութիւնը հայցեցին եւ օրհնուած ռեհան ստանալով եկեղեցիէն մեկնեցան։