Ամէն անգամ, որ Ընդդիմութիւնը հրապարակ կ՚իջնէ Փաշինեանական իշխանութիւնը լուծարելու վճռակամութեամբ և չի յաջողիր, ինքնաբերաբար Նիկոլի դիրքերն են, որ կ՚ամրապնդուին և ինքնաբերաբար կ՚ամրագրուի Նիկոլական ուժի անպարտելիութեան առասպելը։ Անգամ մը ևս մենք կը կոփենք մեր շղթաները մեր իսկ ձեռքերով։ Անգամ մը ևս, ան կը յաջողի հաւաստել Արևմուտքին և Մոսկուայի, որ ինքն է տէրը կացութեան և որ Ընդդիմութիւնը շատ հեռու է լուրջ սպառնալիք մը ըլլալէ իր իշխանութեան։ Ամէն անգամ, որ Ընդդիմութեան պայքարը կը յանգի հերթական նոյն ձախողութեան, մենք ենք, որ կը լիազօրենք Նիկոլական յանցագործ իշխանութիւնը խօսելու և բանակցելու մեր հաշւոյն, ԱԶԳԻՆ ՀԱՇՒՈՅՆ։ Մենք ենք, որ կը լիազօրենք Նիկոլը մեր պետականութւինը տանելու կործանման. մեզ ազգովին բարոյալքելու, վարկաբեկելու և պատմութեան բեմէն դուրս քշելու։ Այս է մերկ իրականութիւնը, որուն պիտի անյապաղ գիտակցինք և հասկնանք, որ մեզմէ ամէն մէկը անմիջականօրէն դերակատար է այս ազգային ողբերգութեան մէջ։

Վերջին երկու օրերու իրադարձութիւնները օրհասական են և մենք՝ ողբալիօրէն անպատրա՛ստ ենք մեր առջև ծառացող կենաց-մահու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։ Արցախը կը գտնուի թշնամիի ճանկերուն մէջ։ Արցախը կը գտնուի ցեղասպանութեան եզրին։ Հայաստանի իշխանութիւնը պաշտօնապէս լքած է Արցախը զայն յայտարարելով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս և ինքնաբերաբար հնարաւոր դարձուցած, որ Ազրպէյճան արդարացնէ իր ցեղասպանական նախայարձակումը որպէս հակա-ահաբեկչական գործողութիւն անհնարին դարձնելով միջազգային համայնքի միջամտութիւնը «Ազրպէյճանի ներքին գործերուն»։ Պարզ խօսքով, թշնամին կը գործէ մեծագոյն ձեռնհասութեամբ և դաժանութեամբ և հայոց հայրենիքն ու հայ անկախ պետականութիւնը կառչած են վերջին ազազուն արմատէն, իսկ մենք կը ճգնինք 30 ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու հայեացքները համադրելու։

Ճիշտ էր այդ հրաշք մանկամարդուհին, որ իր բուռն ընդվզումը թափեց երէկ մեր դանդաղկոտ վարքագծին վրայ։ Հազարաւոր քաղաքացիներու նման, ան ևս փութացած էր Հանրապետութեան Հրապարակ իր ուղնուծուծով զգալով,, որ իր և իր երկու անմեղունակ ձագերուն ճակատագիրն էր, որ կը վճռուէր ամէն րոպէ Արցախի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի, Տաւուշի և Երևանի մէջ և ինք եկած էր իր վտիտ թևերով ետ շրջելու մեր կեանքերու ծուռ դարձած քառակուսի անիւը…Ի՜նչ «վաղը», ժողովո՛ւրդ, ի՜նչ Եռաբլուր, ի՜նչ Կոմիտէ, ի՜նչ գործողութիւններու ծրագիր…Ինչո՞ւ ոչ այսօր, ինչո՞ւ ոչ հիմա…Ան կու տար մեր երեսին պահանջելով, որ երէկ իսկ համաժողովրդական ընդվզումի ալիքը քալէր յանցագործ այս իշխանութեան բերդերուն վրայ և վար բերէր յանցագործը իր ամբողջ համակարգով։

Կասկած չկայ, որ յեղաշրջման գործը կը պահանջէ մեծ լրջութեամբ ձևաւորուած հարուածային ռազմավարութիւն։ Ան կը պահանջէ ոչ միայն խիզախուլթիւն և վճռակամութիւն, այլև զգաստութիւն, խոհեմութիւն, նախապատրաստութիւն և նման այլ ստորոգելիներ։ Եւ սակայն ճիշտ է այդ հայուհին։ Ճիշտ են մեր անծանօթ քրոջ բնազդները։ Ճիշտ է իր ինքնագիտակցութիւնը։ Ճիշտ է պատմական պահը զգալու մայրական իր յայտնատեսութիւնը։ ԱՆ ՈՉ ԸՍԱՒ ՄԵԶԻ։ Ան մերժեց թողուլ հրապարակը։ Մերժեց «տուն երթալ»։ Ինք և հազարաւոր ուրիշներ ամբողջ գիշերը իրենց հիասթափութիւնը պարպեցին մայրաքաղաքին վրայ փակելով խաչմերուկներ, կասեցնելով երթևեկը և իրենց զայրոյթը ճչալով ոստիկանական տխմար «պատ»երուն։

Այսօր Հայաստանի անկախութեան վերականգնման օրն է։ Ան այլևս տօնախմբութեան օր մը չէ։ Ան սուգի օր է։ Հարիւրաւոր նոր զոհերու, վիրաւորներու, անհետ կորսուած սիրելիներու, քանդուած օճախներու օրն է այսօր։ Թշնամին կը յառաջանայ մեր գիւղաշխարհէն ներս։ Թշնամին կը մտնէ մեր սրբատեղիներէն, մեր ինքնութեան բերդերէն ներս։ Թշնամին քայլ առ քայլ կը սրբապղծէ մեր տունը և կ՚ըսպառնայ մեր հաւաքական լինելիութեան։ Մռայլ, չար, ամօթալի, անարժանապատիւ, զզուելի օր մըն է այս օրը…Օ՛ր մը՝ որ պէտք է անպայման սրբուի մեր և մեր զաւակներու և մեր թոռներու պատմական յիշողութենէն։ Մենք՝ ինքնե՛րս պէտք է սրբենք այս օրը, իմ սիրելի ազգ, իմ հերոսական ժողովուրդ, իմ քոյր, իմ եղբայր, իմ անզուգական ընկերներ։ Թող այսօրն ըլլայ հսկայ մեկնարկը մեր հաւաքական, հզօր և անկասելի գրոհին։ Թող այսօրն ըլլայ անմոռանալի սև օր մը թշնամիի տարեգրութեանց տոմարին մէջ։ Թող ցոյց տանք մենք մեզի և աշխարհին, որ մենք կրնանք, մենք կրնանք, մենք կրնա՛նք ետ շրջել պատմութեան քառակուսի անիւը և տէր կանգնիլ մեր երկրին, մեր ժողովուրդին, մեր հայրենական իրաւունքներուն, մեր ապագային։ Մենք կրնանք և Տէր ընդ մեզ։

Կարօ Արմենեան

21 Սեպտեմբեր 2023