Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 32-րդ ամեակին առիթով, Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ:

– Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հանդիսապետեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որուն ընթացքին հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց, մասնակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեանի եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Տիար Դաւիթ Թադէոսեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան։ Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։

– Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Պատարագի ընթացքին, հայր սուրբը հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութեան արարողակարգ կատարեց, մասնակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի։

– Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, հայր սուրբը հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց, մասնակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեանի եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեանի:

– Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ճեզիրէի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։
Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, քահանայ հայրը հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց։

– Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Լաթաքիոյ եւ Ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան։
Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, քահանայ հայրը հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց։

– Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։
Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, հայր սուրբը հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարեց: