Սեպտեմբերի երրորդ շաբաթը՝ Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբերը Հայաստանի մէջ բացուեցաւ երկու ուշագրաւ իրադարձութիւններով, որոնք իրենց վրայ կեդրոնացուցին լրատու աղբիւրներու եւ քաղաքական մեկնաբաններու ամբողջ ուշադրութիւնը (բնական է որ այդպէս ըլլար): Առաջին՝ ի յայտ եկան Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները, երկրորդ, ամիսներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Բերձորի ճամբան բացուեցաւ Հայաստանէն սննդանիւթ Ստեփանակերտ հասցնելու համար:
Կարծէք թէ բոլորը մոռցած էին, որ երկիրն ու ամբողջ հայութիւնը հազիւ 10 օր ետք պիտի նշէ 44-օրեայ պատերազմին երրորդ տարելիցը…
ԵՐԵՒԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Կիրակիի ընտրութիւններուն արդիւնքները թէեւ յստակացած էին նոյն գիշեր, սակայն վերջնական թիւերը բացայայտուեցան Երկուշաբթի օր: Պատկերը կարելի է ամփոփել շարք մը կէտերու մէջ, որոնցմէ արձանագրենք հետեւեալները.
– Մասնակցող 14 կուսակցութիւններէն եւ դաշինքներէն միայն հինգը յաջողած են ապահովել աթոռ ունենալու բաւարար քուէ: Թիւերով՝ ընդամէնը 65 աթոռէն՝ իշխող կուսակցութիւնը՝ Քաղաքական Պայմանագիրը ապահոված է 24 աթոռ, Հայկ Մարութեանի կազմած Ազգային Յառաջդիմութիւնը՝ 14 աթոռ, Անդրանիկ Թեւանեանի Մայր Հայաստան դաշինքը՝ 12 աթոռ, նախկին վարչապետ Արամ Սարգսեանի Հանրապետութիւն կուսակցութիւնը՝ 8 աթոռ, եւ Վարդան Ղուկասեանով ներկայացող Հանրային կեանք կուսակցութիւնը՝ 7 աթոռ:
– Նկատի ունենալով ՔՊ-ին եւ Հանրապետականին լծակցութիւնը՝ միասնաբան ունին 32 աթոռ, իսկ միւսները, որոնք կը խմբուին «իսկական ընդդիմադիր»-ի խորագիրին տակ, ունին 33 աթոռ, այսինքն՝ մէկ աւելի՝ քան իշխանական դասուող խմբակը:
– Քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը ողբերգական է: Շուրջ 825 000 քուէարկողներէն մասնակցութիւն բերած է միայն շուրջ 28.5 առ հարիւրը: ՔՊ-ականները ապահոված են քուէներուն հազիւ 9 առ հարիւրը, միւսները, բնականաբար աւելի փոքր թիւով քուէներ:
– Կիրակի օրն իսկ բացայայտ դարձած էր, որ իշխանական խմբակը իր ամբողջ կարողականութիւնը լծած էր, շահելու համար ընտրութիւնները: Մինչեւ իսկ իշխանութեան մօտիկ դասուած դէտեր հաստատեցին, որ իշխանութեան մօտիկ մարդիկ քուէարկութեան կեդրոններուն մէջ քուէարկողներուն բացայայտ ցուցմունք տուած են քուէ տալու ՔՊ-ին, եղած են աղաղակող զեղծարարութիւններ (մահացողներ քուէարկած են, հաւանական ընդդիմադիրներ դժուարութիւն ունեցած են գտնելու իրենց քուէատուփին վայրը եւ այլն): Այս բոլորը՝ միայն ընտրութեան օրը: Իսկ եթէ յիշենք, որ ՔՊ-ի թեկնածուն յայտարարուեցաւ աւելի քան մէկ տարի առաջ, «Սուրմալու» կեդրոնի պայթումին օրը, աւերակներուն վրայ, իր կողքին ունեցաւ իշխանութեան ամէնէն տարածուն քարոզչամեքենային աջակցութիւնը, իսկ վերջին օրերուն ալ նոյնինքն ՔՊ-ապետը լիարժէքօրէն միացաւ քարոզարշաւին, արդէն յստակ կ’ըլլայ ձեռք բերուած մեծ արդիւնքին… ճղճիմութիւնը:
– Կարծէք թէ այդքան ալ ուշադրութիւն չգրաւեց այն, որ կարգ մը մասնակիցներ, որոնք ներկայացած էին ընդդիմադիրի դիմակին տակ կամ «ստեղծուած» էին իշխանութեան հովանաւորութեամբ, պատճառ դարձան, որ ընդդիմադիրներուն քուէները տարտղնուին: Բաւարար քուէ չապահովողներէն՝ ամէնէն աչքառուներն էին Էտմոն Մարուքեանի եւ Մանէ Թանդիլեանի խմբակները…
ՀԵՏԵՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Առաջին ակնարկով, եթէ այս արդիւնքները բացայայտ ցուցանիշ են իշխանական թեւին արձանագրած հսկայական նահանջին, միաժամանակ անոնք ցոյց տուին, որ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ, նոյնինքն ժողովրդավարութի՛ւնը կրած է ծանրագոյն պարտութիւնը: Այլապէս, ի՞նչ բացատրութիւն կարելի է տալ ընտրողներուն շուրջ 75 առ հարիւրին անտարբերութեան: Բնականաբար կրնայ ըսուիլ, որ որեւէ ընտրութեան պարագային, մասնակցութիւնը 100 առ հարիւր չ’ըլլար, յաճախ լաւագոյն պարագային, մասնակցութիւնը կը հասնի 65-70 առ հարիւրի (չենք խօսիր մենատիրական երկիրներու մասին), սակայն բոլորն ալ կը հաստատեն, որ սա աննախընթաց պատկեր է:
Իսկ թէ ո՞վ զանգուածը տարած է ա՛յս աստիճանի կրաւորականութեան ու անտարբերութեան՝ պատասխանը յստակ է. իշխանութիւնը՝ որ արդէն բոլորին կողմէ կը դիտուի իբրեւ խաբեբայ, խոստմնադրուժ, հայրենիքի հողեր կամովին կորսնցնող, թշնամիներուն շահերուն ծառայող, խաղաղութեան փոխարէն նորանոր պատերազմներ բերող, իսկ Երեւանի մէջ «ինչե՜ր ըրինք եւ պիտի ընենք»-ով… գրեթէ ոչինչ ընող (չշարունակենք):
Կարեւոր դիտարկումներէն մէկը այն է, որ քուէարկութեանց արդիւնքը գլխիվայր կը շրջէ «թաւշեայ յեղափոխութեան» դարաշրջանի ընտրական տրամաբանութիւնը: Վստահաբար չէ մոռցուած, որ Ազգային ժողովի վերջին ընտրութիւններուն ալ, մասնակիցներուն համեմատութիւնը փոքր էր, նուազ քան 50 առ հարիւր (ճիշդ է որ քաղաքի մը ընտրութիւնները բաղդատելի չեն ընդհանուր ընտրութիւններու հետ, սակայն Երեւանը սոսկական քաղաք չէ, այլ խորհրդանիշ մը եւ կը հաշուէ ընտրողներու ընդհանուր թիւին աւելի քան մէկ-երրորդը):
ՔՊ-ն շահած էր ճի՛շտ այնքան աթոռ, որ իրեն կ’ապահովէր գործելու այնպէս, ինչպէս… ՔՊ-ապետը կը կամենար, ընդդիմադիրներու քուէները անբաւարար են էական հարցերու մէջ վճռորոշ դեր խաղալու (օրինագիծերու եւ այլ բանաձեւերու վաւերացումը կը կատարուի «ժողովուրդի մանտաթը ունինք, կ’ընենք այն՝ ինչ որ կ’ուզենք ընել, չենք քուէարկեր Արցախի ի նպաստ որեւէ բանաձեւի օգտին» տրամաբանութեամբ, հոգ չէ թէ Հայաստանի եւ հայութեան շահերուն ի վնաս):
Ընտրութիւններուն էջը, ճիշդ է, փակուեցաւ Կիրակի գիշեր, սակայն իսկական արդիւնքը կը մնայ անորոշ եւ, առաջին ակնարկով, «այս մածունը շատ ջուր կը վերցնէ», ինչպէս կ’ըսէ ժողովրդային առածը:
Ընդդիմադիր երեք ուժերը, որոնք ունին մէկ աթոռի առաւելութիւն, հրաւիրուած են համախոհութեամբ գործելու, ամէնէն կարեւորը՝ քաղաքական բանավէճերը մեծ մասամբ տեղափոխելու քուլիս, ուր ո՛չ միայն մայրաքաղաքին, այլեւ ամբողջ երկրին դիմաց կանգնող մարտահրաւէրները պէտք է դիմագրաւել ամենալուրջ քննարկումներով, հեռու՝ խօսքի աճուրդէ, մաշած մեղադրանքներու վերաքաղէ, այլ հաւատարիմ մնալով այն հաւաստիքներուն, թէ երկրին բոլոր դժուարութիւններուն լուծումը կը սկսի (միայն կը սկսի) ներկայ իշխանութեան հեռացումէն եւ մեր ազգային իրաւունքներուն եւ պահանջներուն հիմամբ նոր ուղեգիծի մը ձեւաւորումէն: Ինչ որ երեւցաւ Երկուշաբթի օր, հեռու կը մնար նման համախոհութեան մը պատկերէն: Դրական երեւոյթը այն էր, որ ընդդիմադիրներուն արտայայտած կեցուածքները իրերամերժ չէին, սակայն քողարկեալ պայմաններն ու նախապայմաններն են որ մտածել կու տայ, թէ «մածունը շատ ջուր կը վերցնէ»:
Չենք ուզեր մտնել մեկնաբանութիւններու այն «ծիածան»-ին մէջ, որ կը տարուբերի մէկ կողմէ՝ իշխանաւորները ի վերջոյ գերադաս սեպելու եւ միւս կողմէ՝ իշխանափոխութեան մեկնարկին՝ Երեւանէն նոր մղում տալու մտածումներուն: Ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալով, եւ, կըրկնենք, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, կրնանք տեսնել, որ ազգին մեծամասնութիւնը հիմնական փոփոխութեան սպասումը ունի. այլ բացատրութիւն չի կրնար ունենալ քուէարկութեան մասնակիցներուն փոքր թիւը, այսինքն՝ իշխող ուժին հանդէպ անվստահութեան ցուցանիշը՝ հազիւ 9 առ հարիւր (սա շատ աւելի փոքր թիւ մըն է, քան Փաշինեանի վայելած ժողովրդականութեան մասին վերջերս շրջան ընող թիւերը…): Նոյնքան սպասելի է, որ հին հաշիւները եւ նկատառումները նսեմացուին եւ ամէնէն կարեւոր նպատակներուն իրականացման ի խնդիր ձեռքերը միացուին (ինչո՞ւ չէ, փորձ ըլլայ ներգրաւելու իշխանութեան կողքին կանգնողներ ու գործակիցներ, որոնք, ժամանակն է որ, բանան իրենց աչքերը): Համախոհական տարազի մը շուրջ տարակարծութիւններու հրապարակաւ թմբկահարումը պիտի նպաստէ… իշխանական վնասարարներու խումբին:
ԱՐՑԱԽԻ ԵՐԵՍԸ
Երեւանի ընտրութիւնները եթէ անուղղակի մէկ արտայայտութիւնն են քաղաքական ուղեգիծի բարեշրջման յոյսին, անդին, Բերձորի ճամբուն կարճատեւ բացումն ու 23 թոն ալիւրի Ստեփանակերտ մուտքը այլ ցուցանիշ է (թերեւս աւելի՛ կարեւոր), թէ՝ «սայլը տեղ մը տեղէն պիտի շարժի» ի նպաստ արցախցիներուն (եւ հայութեան):
Մեկնաբանութիւնները հոս ալ ծիածան մը կը կազմեն, սակայն այս գիծին վրայ ալ չենք ուզեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել եւ մանաւանդ վազել իրական դէպքերէն աւելի՛ արագ: Փաստը այն է, որ Աղտամի ճամբով ռուսական եւ եւրոպական այլ երկիրներէ հասնող օժանդակութիւնը՝ ռուսական նախաձեռնութեան արդիւնք է,  անկախ անկէ, թէ այս գործողութիւնը կը դիտուի ռուսասիրութեա՞ն, թէ՞ ռուսամերժութեան ակնոցով: Սա կը նշանակէ, որ ՔՈՒԼԻՍԱՅԻՆ աշխատանքներն ու Ատրպէյճանի վրայ նմանապէս քուլիսային ճնշումները սկսած են արդիւնաւորուիլ, մինչդեռ վերջին շրջանին, «բաց-պատարագ» դրսեւորող վէճերը, մեղադրանքներու փոխանակումը եւ անոնց զուգորդուած մեկնաբանութիւնները նուազ արդիւնաւոր էին, եթէ ոչ՝ ապարդիւն եւ վնասակար…
Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ այս փոքր յառաջդիմութիւնը (եւ կը յուսանք, որ կը հետեւին այլ քայլեր ու արցախցիներու տաժանքը կը մեղմանայ, կը փարատի) մէկ արտայայտութիւնն է Արցախի մէջ քանի մը 7 Օգոստոսին ծայր առած դիպաշարով, երբ բոլոր ուժերուն համախոհութեամբ, Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Դաւիթ իշխանեան, իսկ յաջորդ «մղոնը» արձանագրուեցաւ 1 Սեպտեմբերին, Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահի պաշտօնէն հրաժարումով, որուն յաջորդեց Սամուէլ Շահմարանեանի նախագահ ընտրութիւնը:
Արցախի մէջ քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքները յառաջ կ’ընթանան երեւանեան տրամաբանութենէն տարբեր ոճով, այսինքն՝ յստակ է, որ հոն կան աւելի՛ խելամիտ մարդիկ, որոնք գիտեն, որ հրապարակային վէճերը, խօսքի աճուրդները մա՛նաւանդ ներկայ փուլին՝ օգտաւէտ չեն: Գաղտնիք չէ, որ Արցախի մէջ ալ կան տարակարծութիւններ, եւ հակադրութիւնները բոլորովին չեն փարատած, սակայն երկրին գերագոյն շահերը բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ կը դասուին նախամեծար, առաջնահերթ:
Կը մնայ, որ Երեւանի ընտրութիւնները նոր էջ մը բանան, 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք, նոյնինքն Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս 3 տարի առաջ սկիզբ առած շարժումին: Կը մնայ, որ ընդդիմադիր ուժերը, խորհրդարանական թէ այլ, տեսնելով, որ իշխանութիւնը յամառօրէն կը շարունակէ վազել Արցախէն հրաժարելու եւ հայրենիքէն նոր հողեր յանձնելու, «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ի անվաղորդայն ճամբուն մէջ, միացնեն ձեռքերը եւ ձեռնարկեն փոխընտրանքային դիւանագիտութեան. այսինքն աւելի՛ գործնական քայլեր առնել եւ ընել այն՝ ինչ որ իշխանաւորները կը մերժեն ընել:
Հայաստանը ո՛չ առաջին, ո՛չ ալ միակ երկիրն է, որուն իշխանութիւնը չի գործեր երկրի շահերուն համապատասխանաբար, հետեւաբար, ազգային շահերու պաշտպաններ իրաւունք ունին կազմաւորելու գործադիր ընդդիմութիւն մը, որ Հայաստանի մէջ եւ արտ-երկրի՝ ձեռնարկէ դիւանագիտական լայնածիր աշխատանքի, ձեռքին ունենալով բոլոր այն «մեքենաները», փաստերն ու փաստաթուղթերը, որոնք պատմութեան մէջ ամրագրած են Արցախին Հայաստանի պատկանելիութիւնը, ապահոված են մեր հայրենիքին «քատասթրի թուղթեր»-ը, որոնց որոնումին համար այս իշխանութիւնը մոլորած է, կը մոլորեցնէ ամբողջ ազգը եւ կը փոշիացնէ ո՛չ միայն վերջին 30 եւ աւելի տարիներու աշխատանքին արդիւնքը (հոգ չէ թէ լիովին բաւարարող չէ եղած), այլ նաեւ նախընթաց տասնամեակներու ձեռքբերումները:
Այս իմաստով, Արցախի նոր իշխանութեան եւ Հայաստանի ազգապահպան ուժերուն միջեւ բացուած է գործակցութեան եւ ԳՈՐԾԻ նոր դաշտ, որուն մէջ վազքը պէտք է ընթանայ աւելի՛ արագ, քան նոր զիջումներու եւ վնասակար նոր փաստաթուղթեր ստորագրելու իշխանաւորներուն վազքը: Մեր հայրենիքին հորիզոնին յստակացումը պէտք չէ ուշանայ…
Ս. Մահսերէճեան